Անտրէա Թորնիելլի խմբագրականը Նուիրուած Լեւոն ԺԴ Պապին«Dilexi te-Քեզի սիրեցի»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագրական ընդհանուր տնօրէն՝ Անտրէա Թորնիելլի խմբագրականով մը անդրադարցաւ Լեւոն ԺԴ Պապին «Dilexi te» առաքելական յորդորագիրին նշելով, որ Լեւոն ԺԴ Պապին առաքելական այս առաջին յորդորագիրը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին «Dilexit nos» շրջաբերականին շարունակութիւնն է։ Շրջաբերականը` որ պատրաստուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ եւ շարունակուած Անոր յաջորդին կողմէ, ընկերային վարդապետութեան փաստաթուղթ մը չէ այլ Յայտնութեան հիմքերուն վերաբերեալ խորհրդածութիւն։
Կեդրոնական նիւթը Քրիստոսի եւ աղքատներուն սիրոյ միջեւ անբաժանելի կապն է։ Ըստ Լեւոն ԺԴ Պապին՝ սա երկրորդական երեւոյթ մը չէ, այլ Աւետարանի սիրտը։ Քահանայապետը Յիսուսի խօսքերը մէջբերելով, «այն ինչ ըրիք իմ փոքրիկ մէկ եղբայրներուս, ինծի համար ըրիք» կը հաստատէ, որ աղքատներուն հետ շփումը պարզապէս բարեգործութիւն չէ, այլ Տիրոջ հետ հանդիպելու հիմնարար միջոց։
Քահանայապետը կը քննադատէ նոյնիսկ քրիստոնեաներուն շրջանակէն ներս աղքատներու հանդէպ նուիրուածութեան նկատմամբ արհամարհանքի վերաբերմունքը՝ զայն համարելով «աշխարհիկ մտածելակերպի» ախտանիշ, որ կը վտանգէ փոխարինել Աւետարանը։ Իր պատգամը ամրապնդելու համար՛, Լեւոն ԺԴ Պապ կը մէջբերէ եկեղեցւոյ հայրերէն Սուրբ Յովհաննէս Քրիսոսթոմօ եւ Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը, որոնք կը սորվեցնեն որ աղքատներու մարմիններուն մէջ Քրիստոսը պատուելը, ճշմարիտ երկրպագութեան չափանիշ է եւ հաւատքի անկեղծութեան փորձառութիւնը։
«Dilexi te»-ի վերջին բաժինը կը պարունակէ կոչ՝ ուղղուած իւրաքանչիւր մկրտուած անձի՝ շօշափելի կերպով նուիրուելու ամենախոցելիներու պաշտպանութեան ու առաջխաղացմանը. «Աստուծոյ ժողովուրդի բոլոր անդամներուն պարտականութիւնն է բարձրացնել ձայն մը, որ կ՝արթնցնէ, կը դատապարտէ եւ բացայհայտէ»։ Նոյնիսկ «յիմար» թուալու վտանգով ։
Այս պատգամը խոր հետեւանքներ ունի եկեղեցական եւ հասարակական կեանքի համար։ Մեր ներկայ տնտեսական եւ ֆինասնական համակարգը, ու անոր «մեղք կառուցածները» անխուսափելի չեն, հետեւաբար հնարաւոր է նուիրուիլ՝ բարիի ուժով կառուցելու եւ մտածելու տարբեր աւելի արդար հասարակութիւն «տարբեր մտայնութեան միջոցաւ, նաեւ գիտութիւններուն ,թեքնիքական միջոցները, արդիւնաբեր քաղաքաքան զարգացումով՝ ընկերութեան փոփոխութեան ներքեւ, գրեց Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագրական ընդհանուր տնօրէն՝ Անտրէա Թորնիելլի խմբագրականի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ