100 տարեկան Կարդինալ Աջերպին կը ստանձնէ իր Աթոռանիստ Եկեղեցին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Անցեալ 23 սեպտեմբեր 2025-ին 100 տարեկանը թեւակոխած Կարդինալ Անճելօ Աջերպի, 2 հոկտեմբերին Հռոմի մէջ ստանձնեց «Պահապան Հրեշտակներու» իր աթոռանիստ Եկեղեցին, ի ներկայութեան ժողովրդապետութեան բազմաթիւ հաւատացեալներուն։
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Ծիրանաւորին Եկեղեցի մուտք գործելով ու օրհնեալ ջուրով օրհնելով ներկաները, ապա Ան մատուցեց Սուրբ պատարագը, որուն սկիզբը` Գերապ. Մարքօ Ակոսթինին ընթերցեց հրովարտակը, որով Ֆրանչիսկոս Պապը, անցեալ տարի զայն ստեղծած էր Կարդինալ։
Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Կարդինալ Աջերպին խօսքը կեդրոնացուց Պահապան Հրեշտակներու դերակատարութեան վրայ որպէս Աստուծոյ ձայնը, որուն եթէ մենք հնազանդ ըլլանք աստիճանաբար կը յառաջանանք դէպի Տիրոջ հետ խոր միութիւն, ըսաւ Ան ակնարկելով նաեւ այս առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին կողմէ ընդունած շնորհաւորանքներուն, ու նշելով թէ ինք անոր հաւաստիացուցած է, որ այս արարողութեան ընթացքին պիտի աղօթէ ու հաւատացեալներէն պահանջէ, որ միանան իր աղօթքին, որպէսզի Սուրբ Հրեշտակները աջակցին Սրբազան Պապի Քահանայապետական առաքելութեան։
Կարդինալ Աջերպին ծնած է 1925-ի 23 սեպտեմբերին, Sesta Godano գիւղաքաղաքին մէջ (Լա Սփեցիա)։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1948 թուականին և տասնամեակներ շարունակ ծառայած է Վատիկանի դիւանագիտական մարզէն ներս աշխարհի տարբեր երկրներուն մէջ։ Ան նաև վեց շաբաթ պատանդ պահուեցաւ Քաոլոմպիայի զինեալ խմբաւորումներու կողմէ։ 2001-էն 2015 թուականներուն Ան եղաւ Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտի առաջնորդը:
Այսօր Ան համարուած է ամենատարեց կարդինալը, Եկեղեցւոյ եօթ տասնեակէ աւելի ծառայութեան կենդանի վկայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ