Որոնել

2025.10.06 PAROLIN INTERVISTA GAZA

Ուքրանիոյ խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է բոլորի ներդրումը․ Կարդինալ Փարոլին

Վատիկանի Պետքարտուղարը ելոյթ ունեցաւ Հռոմի «Մանուկ Յիսուս - Bambino Gesù» մանկական հիւանդանոցին մէջ կայացած միջոցառման ընթացքին: Ուքրանիական հակամարտութեան վերջ դնելու ջանքերուն անդրադառնալով, Ծիրանաւորը յոյս յայտնեց ԱՄՆ ներգրաւուածութեան եւ Եւրոպայի «աւելի մեծ դերակատարման»՝ ընդգծելով, որ Չինաստանը նոյնպէս «խօսք ունի ըսելու» յօգուտ խաղաղութեան: Մինչ, Հունգարիոյ վարչապետ, Վիքթոր Օրպանի հետ երեկուայ իր հանդիպումը որակեց «լաւ քննարկում»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Բոլորի ներդրումն իսկապէս անհրաժեշտ է Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու համար»: Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Եւրոպա, որ կոչուած է ստանձնելու «աւելի մեծ առաջատար դեր», Չինաստան եւ Արեւելք, որտեղ այս պահուն ներկայ է ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփը: Այս մասին խօսեցաւ այսօր՝ հոկտեմբերի 28-ին, Վատիկանի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը՝ մասնակցելով «Մանուկ Յիսուս - Bambino Gesù» մանկական հիւանդանոցին մէջ՝ Մանկաբուժարանը որպէս Բուժման Գիտական ​​Հիմնարկ ճանաչման 40ամեակի առթիւ կայացած միջոցառման, որուն շրջագիծէն ներս կոչ ըրաւ ողջ միջազգային հանրութեան՝ վերջ դնելու հակամարտութիւններուն:

Մարդասիրական յանձնառութիւն

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Կարդինալը Փարոլինը հաստատութիւնը բնութագրեց որպէս կաթողիկէ եւ իտալական առողջապահութեան «գերազանցութեան օրինակ»՝ յատուկէն յիշեցնելով հիւանդանոցի մարդասիրական աշխատանքը, որ ընդունած է մանուկներ ոչ միայն Պաղեստինէն, այլեւ հակամարտութեան գօտիներու մէջ գտնուող այլ երկրներէն:

Ասկէ մեկնելով, Ծիրանաւորը շեշտեց, որ «մարդասիրական ջանքերը, ըլլայ պատերազմի զոհերու խնամքի, ըլլայ գերիներու փոխանակման մէջ, կարող են նաեւ խաղաղութեան ուղի դառնալ»։ Սուրբ Աթոռը, շարունակեց Ան, «խորապէս յանձնառու» է մարդասիրական ոլորտին մէջ, «որ աւանդական ոլորտ է, որտեղ Վատիկանի դիւանագիտութիւնը աշխոյժ եղած է Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ի վեր»։

Հակամարտութիւնները վերջ դնելու համատեղ ջանքեր

Ուքրանիոյ պատերազմի վերաբերեալ Վատիկանի Պետքարտուղարը կոչ ըրաւ զգուշաւորութեան, բայց նաեւ յոյսի։ Ան մաղթեց, որ անոր շուրջ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ ըլլան՝ ընդգծելով միջազգային հանրութեան լայն ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ի մասնաւորի յոյս յայտնելով Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան եւ Եւրոպայի «աւելի մեծ դերակատարման»։ «Չինաստանը նոյնպէս խօսք ունի ըսելու, յիրաւի, նախագահ Թրամփը ներկայիս կը գտնուի Չինաստան եւ Հեռաւոր Արեւելք՝ այս հարցը քննարկելու համար: Բոլորի ներդրումն իսկապէս անհրաժեշտ է խաղաղութեան ուղղութեամբ որոշ քայլեր ձեռնարկելու համար», յարեց Պետքարտուղարը։

Հանդիպումը Օրպանի հետ

Ի վերջոյ, Հունգարիոյ Վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ 27 Հոկտեմբերին ունեցած հանդիպումի մասին հարցին ի պատասխան, Կարդինալ Փարոլինը այդ մէկը «լաւ հանդիպում» բնութագրեց՝ բացատրելով, որ «իւրաքանչիւրը կարողացաւ արտայայտել իր տեսակէտը», որոնց ուղղութեամբ ջանքեր կը գործադրուին զանոնք առ աւելիով մօտեցնելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2025, 11:00