Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին։ «Վերականգնել բանականութիւնը, հրաժարիլ ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան կոյր տրամաբանութիւնէն եւ մերժել բռնութիւնը, որպէս լուծում»։

Կարդինալ Փիթրօ Փարոլինի հարցազրոյցը Վատիկանի Լրատուամիջոցներուն հետ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ Իսրայէլի վրայ յարձակումի ու անոր յաջորդած Կազայի մէջ պատերազմի երկրորդ տարելիցի կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Համառօտ կերպով կը ներկայացնենք Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի Վատիկանի Լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցը՝ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ Իսրայէլի վրայ յարձակումին ու անոր յաջորդած Կազայի մէջ պատերազմի երկրորդ տարելիցի կապակցութեամբ։

ՀԱՄԱՍ.ի յարձակումի դատապարտում եւ պատանդներուն համար կոչ

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին վերահաստատեց հոկտեմբեր 7-ին ահաբեկչական յարձակումի իր լիակատար եւ վճռական դատապարտումը՝ զայն անուանելով «անարժան եւ անմարդկային կոտորած», զոր կարելի չէ արդարացնել։ Ծիրանաւորը խոր կարեկցանք եւ ցաւակցութիւն յայտնեց ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ թերեւս պահուող Իսրայէլացի պատանդներուն ընտանիքներուն, որոնցմէ շատերը մահացած են կամ կը գտնուին յուսահատ վիճակի մէջ

Կարդինալ Փարոլին յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապին ու Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ պատանդներուն ազատ արձակումի բազմաթիւ կոչերը՝ վստահեցնելով Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը ամէն ինչ ընելու անոնց վերադարձի կամ զոհերուն մարմիններուն վերականգման համար։

Կազայի ողբերգութիւնը եւ միջազգային հանրութեան քննադատութիւնը։

Երկու տարիներ ետք պատերազմէն յետոյ Կազայի մէջ իրավիճակը բնութագրուած է որպէս «աւելի լուրջ եւ ողբերգական»։ Կարդինալ Փարոլին շեշտեց որ չնայած ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին, պէտք է յարգուի համաչափութեան սկզբունքը։ Ան դատապարտեց հակամարտութեան «աղետալի եւ անմարդկային հետեւանքները», որոնց հետեւանքով զոհուեցան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, անոնց շարքին՝ բազմաթիւ երեխաներ։

Կարդինալ Փարոլին խիստ քննադատութիւն կատարեց միջազգային հանրութեան հասցէին, զայն համարելով անզօր ու աւելին կատարելու ընդունակ։
«Բաւարար չէ ըսել, որ տեղի ունեցողը անընդունելի է, յետոյ թոյլ տալ, որ դա տեղի ունենայ», ըսաւ ծիրանաւորը կասկածի տակ դնելով զէնքի մատակարարման շարունակութեան օրինակութիւնը ու կոչ ըրաւ, գտնելու միջոց՝ ՄԱԿ-ին տալու աւելի արդիւնաւէտ դեր պատերազմները դադրեցնելու գործին մէջ։

Հակասեմականութեան դէմ պայքարը եւ պաղեստինեան հարցը

Կարդինալ Փարոլին հակասեմականութիւնը անուանեց « քաղցկեղ, որուն դէմ պէտք է պայքարիլ եւ որու դէմ պէտք է արմատախիլ ընել, որոնք պարզեցումի եւ կեղծ լուրերու արդիւնքն են եւ որոնք հրեաները կը մեղադրեն Կազայի մէջ տեղի ունեցողի համար։Ան ընդգծեց զանազանելու կարեւորութիւնը ու նշեց որ նոյնիսկ հրէական աշխարհին մէջ քննադատական ձայներ բարձրացած են Իսրայէլի կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ։


Պաղեստինի պետութիւնը

Կարդինալ Փարոլին վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի լիակատար աջակցութիւնը երկու պետութիւններուն (Իսրայէլ եւ Պաղեստին) լուծումին՝ կողք կողքի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ ապրելու համար, ինչպէս սահմանուած է Պաղեստինի պետութեան հետ 2014 թուականին համապարփակ համաձայնագիրով։ Ան գոհութիւն յայտնեց Պաղեստինի պետութիւնը ճանչցած երկիրներուն, բայց նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Իսրայէլի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ, որոնք կարծես կը ձգտին մշտապէս կանխել անոր ստեղծումը։


Սուրբ Աթոռի դերը եւ երիտասարդներուն ներգրաւուածութիւնը։

Գործողութիւն եւ աղօթք։ Կարդինալ Փարոլին կրկնեց որ Քրիստոնէական հաւատքը պէտք է մարմնաւորուի ու շօշափելի նուիրուածութիւնը երբեք բաւարար չէ, պէտք է աջակցուի ամենօրեայ աղօթքով ու խրախուսեց խիղճի եւ խաղաղութեան նախաձեռնութիւններուն զօրաշարժը՝ անտարբերութեան դէմ։

Երիտասարդութիւն եւ քաղաքացիական հասարակութիւն։

Կարդինալ Փարոլին գոհունակութիւն յայտնեց երիտասարդներու մասնակցութեան կապակցութեամբ խաղաղութեան ցոյցերուն, զայն համարելով նշան, որ մենք չենք դատապարտուուին անտարբերութեան։

Սուրբ Աթոռի առաքելութիւնը

Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ կոչ ընել խաղաղութեան ,կոչ ընել երկխօսութեան, բանակցութիւններուն, հիմնուելով այն իրատեսութեան վրայ, այլընտրանքը յաւերժական պատերազմ է։ Սուրբ Աթոռը կոչ կ՝ընէ կանգնեցնելու պատերազմը, շատ ուշ ըլլալէ առաջ։

Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէական համայնք։

Կարդինալ Փարոլին արտայայտեց իր հիացմունքը Կազայի մէջ քրիստոնեաներուն մնալու վճռականութեան վերաբերեալ եւ վստահեցուց անոնց եկեղեցւոյ աջակցութեան մէջ՝ ընդգծելով անոնց հիմնարար դերը՝ չնայած անոնց փոքր թիւին եւ լիովինն կիսելով ժողովուրդի տառապանքները։

Հարցազրոյցի աւարտին կարդինալ Փարոլին կոչ ըրաւ «վերականգնելու բանականութիւնը, հրաժարիլ ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան կոյր տրամաբանութիւնէն եւ մերժել բռնութիւնը որպէս լուծում»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2025, 15:47