Որոնել

2024.05.06 Giuramento Guardie Svizzere Pontificie

Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդի 27 նոր անդամներուն երդման արարողութիւնը

Երեկ` Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Պահակագունդի նոր տարազներու ներկայացումը իսկ այսօր կէսօրէն ետքը նախատեսուած է Ժամասացութեան արարողութիւն` Santa Maria della Pietà in Campo Santo Teutonico եկեղեցւոյ մէջ, որուն պիտի յաջորդէ շքանշաններու բաշխման արարողութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարի վեց մայիսին կ՛ ոգեկոչուի՝ 6 Մայիս 1527-ին տեղի ունեցած, Հռոմի թալանումի ընթացքին զուիցերացի 147 պահակներու զոհաբերումը, ի պաշտպանութիւն Կղէմէս Է Պապին, եւ ճիշտ այդ օր, Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամներու երդման արարողութիւնը։ Այս տարի սակայն Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան եւ նոր Քահանայապետի ընտրութեան առիթներով այս արարողութիւնը յետաձգուեցաւ եւ տեղի կ՛ունենայ այս օրերուն, 3 եւ 4 հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի մասնակցութեամբ։

Պատմութեան մէջ այս երկրորդ անգամն է` որ երդման արարողութիւնը կը տեղափոխուի։ Առաջինը պատահած է 2020 թուականին, համավարակի պատճառաւ։

Նոր տարազներու ներկայացում

Երէկ` Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Պահակագունդի նոր տարազներու ներկայացումը իսկ այսօր կէսօրէն ետքը նախատեսուած է Ժամասացութեան արարողութիւն` Santa Maria della Pietà in Campo Santo Teutonico եկեղեցւոյ մէջ, որուն պիտի յաջորդէ շքանշաններու բաշխման արարողութիւնը։

Իսկ վաղը առաւօտեան ժամը 7.30 ին Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Պահակագունդի անդամներու ներկաութեամբ, պատարագ պիտի մատուցէ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքյաին մէջ, ի տես կէսօրէն ետքը նախատեսուած նոր 27անդմաներու երդման արարողութեան7 զոր տեղի պիտի ունենայ «Cortile di San Damaso» Վատիկանի Առաքելական Պալատի ներքնափակին մէջ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի եւ Զուիցերիոյ համադաշնութեան նախագահ` Տիկ Քերին Քելլեր Շութերի ներկայութեամբ։

Հաւատարմութեամբ ու պատիւով ծառայել Քահանայապետին

Պահակագունդի 27 նոր անդամները իրենց երդումը կատարելով կը հաստատեն թէ հաւատարմութեամբ, պատիւով եւ արդար կերպով պիտի ծառայեն իշխող Քահանայապետին ու անոր բոլոր իրաւայաջորդներուն, ամբողջ ուժով նուիրելով իրենք զիրենք, ի յարկին նոյնիսկ զոհելով իրենց կեանքը»։ Անոնք այս նոյն պարտականութիւնները կը ստանձնեն նաեւ Կարդինալական Դասին նկատմամբ թափուր աթոռի պարագային։

Աշխարհի ամէնահին բանակը

Յայտնենք թէ Վատիկանը` աշխարհի ամենափոքր պետութիւնն է սակայն ունի աշխարհի ամենահին բանակներէն մին` Զուիցերական պահակագունդը, որուն պարտականութիւնն է երաշխաւորել Սրբազան Քահանայապետին անմիջական պաշտպանութիւնը, հսկելով Վատիկանի բոլոր մուտքերուն վրայ։

21 յունիս 1505ին Յուլիանոս Բ Քահանայապետը Զուիցերիայի պետութենէն խնդրած է պահակագունդ մը իր անձնական պաշտպանութեան համար։ 22 յունուար 1506 Յուլիանոս Բ Քահանայապետը ս. Պետրոս հրապարակի վրայ կ'օրհնէ զուիցերական պահակագունդը։ Սոյն թուականը` 22 յունուարը, նկատուած է զուիցերական պահակագունդի հիմնարկութեան թուական։

Զուիցերական պահակագունդին մաս կազմելու համար հարկաւոր է ըլլալ Զուիցերացի քաղաքացի, Կաթողիկէ, Զուիցերական բանակին մէջ ծառայութիւն մատուցել, 18 - 30 տարեկան, ունենալ առ նուազն 174 սմ հասակ, ամուրի, եւ ունենալ ուսման բարձրագոյն վարժարանի վկայական։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2025, 13:04