Որոնել

Արք Կապրիէլ Քաչիա Արք Կապրիէլ Քաչիա 

Արք Քաչիա. Մարդու իրաւունքները հիմնուած են Աստուծոյ կողմէ տրուած արժանապատուութեան վրայ

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ Արք Կապրիել Քաչիայի ելոյթը ՄԱԿ-ի 80-րդ ընդհանուր նիստի ընթացքին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ Արք Կապրիելլէ Քաչիա ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի 80-րդ ընդհանուր նիստի ընթացքին՝ ուրուագծելով ներկայի համաշխարհային մարտահրաւէրները, որոնց շարքին՝ հակամարտութիւնները, աղքատութիւնները, մարդու իրաւունքներու խախտումները։ Ան ընդգծեց, թէ ինչպէս բեւեռացումը կը խոչընդոտէ ՄԱԿ-ի արդիւնաւէտութիւնը, անհրաժեշտ դարձնելով նորարական մտածողութիւն եւ համարձակ որոշումները։

Իր ելոյթին մէջ արք Քաչիա կրկին նշեց, որ մարդու իրաւունքները, որոնք հիմնուած են «Աստուծոյ կողմէ տրուած արժանապատուութեան» վրայ համընդհանուր եւ անձեռնմխելի են ու պետութիւնը պարտականութիւ ունին պաշտպանելու զանոնք՝ հաւասարակշռելով անհատական ազատութիւնները հաւաքական պատասխանատուութեան հետ։

Արքեպիսկոպոսը նաեւ զգուշացուց «գաղափարական գաղութացման եւ մշակոյթին չեղարկման դէմ, որոնք անոր խօսքով, կը պարտադրեն միատարր մշակութային օրինակներ՝ վերացնելով մարդկանց աւանդութիւններ ու արժէքները։ Այս մտածելակերպը, ըստ Քաչչիայի կը հանգեցնեն ամենախոցելի խումբերուն, ինչպէս աղքատներուն, գաղթականներուն, տարեցներու նկատմամբ պարտականութիւններուն անտեսման, որոնք կը մերժուին հարուստ հասարակութիւններուն կողմէ։

Վերջապէս արք ընդգծեց կրօնական ազատութեան կեդրոնական դերը, վերահաստատելով Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը՝ համատեղ աշխատելու ճշմարտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան վրայ հիմնուած աշխարը կառուցելու համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2025, 07:52