Որոնել

Քրիստոնեաներու եւ հրէաներու միջեւ երկխօսութիւն Քրիստոնեաներու եւ հրէաներու միջեւ երկխօսութիւն 

«Յոյսի մէջ միասին քալել» միջոցառում նուիրուած «Nostra Aetate » փաստաթուղթի 60 ամեակին

Երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի կ՝ունենայ միջոցառում նուիրուած Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի Nostra Aetate փաստաթուղթի 60 ամեակին։ Նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տարբեր կրօններուն առաջնորդներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 28 հոկտեմբերին, տեղի կ՝ունենայ իւրայատուկ միջոցառու նուիրուած Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի Nostra Aetate փաստաթուղթի 60 ամեակին։

Ոչ քրիստոնեայ կրօններուն հետ եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ Փաստաթուղթի 60 ամեակի նուիրուած միջոցառումը կազմակերպած է միջ կրօնական երկխօսութեան համար վերատեսչութիւնը եւ Հրէականութեան հետ կրօններուն յարաբերութիւններուն համար յանձանժողովը եւ ունի որպէս խորագիր «Յոյսի մէջ միասին քալել»։

Յիշեալ միջոցառումը տեղի կ՝ունենայ Վատիկանի Պօղոս Զ դահլիճին մէջ երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6,30էն մինչեւ ժամը 8։ Միջոցառումը առիթ պիտի հանդիսանայ նշելու աշխարհի կրօններու հետեւորդներուն միջեւ երկխօսութեան, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան վեց տասնեակ ամեակները, որոնք ոգեշնչուած են«Nostra Aetate» հռչակագիրով, որ Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովին ամեն արդիական փաստաթուղթերէն մէկն է ու պիտի կրկնուի նաեւ խաղաղութեան, արդարութեան, մարդկային եղբայրութեան կոչը՝ հակամարտութիւններով եւ բաժանումներով նշանաւորուած դարաշրջանին մէջ։

Վերոյիշեալ միջոցառումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն , Հրէական, մահմետական, Ինտույական եւ Պուտիսթական եւ ափրիկեան աւանդական կրօններուն առաջնորդներ ու անոնք պիտի հաւաքուին Հռոմի Քուրիայի անդամներուն, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն, միջ կրօնական երկխօսութեան մէջ ներգրաւուած կաթողիկէ պատուիրակներու, գիտնականներու, միջ կրօնական ցանցերու եւ աշխարհի տարբեր ծայրերէն ժամանած երիտասարդներու հետ։ միջոցառումը կ՝ընդգրկէ երաժշտութիւն, անձնական վկայութիւններ եւ բազմազանութեան մէջ միութիւնը նշող մշակութային ներկայացումներ։

Միջոցառումը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի Լեւոն ԺԴ Պապին հետ հանդիպումով ու Նորին Սրբութեան պատգամով, որուն կը յաջորդէ խաղաղութեան համար լռութեան մէջ աղօթքը։ «Յոյսի մէջ միասին քալել հանդիպումը նոր խթան կը հաղորդէ ապագայ սերունդներուն համար երկխօսութեան եւ յոյսի սերմեր ցանելու համատեղ առաքելութեան, նշուած է յիշեալ նախաձեռնութեան մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ուր աւելցուած, որ չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբերին, Քահանայապետին հրապարակային ունկնդրութիւնը պիտի նուիրուի Nostra Aetate հռչակագիրին եւ միջ կրօնական երկխօսութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2025, 11:44