Որոնել

Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնաժողովի տարեկան զեկոյցը Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնաժողովի տարեկան զեկոյցը  

Երեխաներու պաշտպանութիւն։ Երկրորդ զեկոյցը կ՝առաջարկէ ոտնձգութիւններու դէմ ուղղուած միջոցներ

Անչափահասներուն պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովը հրապարակեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պաշտպանութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ իր երկրորդ տարեկան զեկոյցը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

2025 թուականին, հոկտեմբեր 16-ին, Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնաժողովը հրապարակեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պաշտպանութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ իր երկրորդ տարեկան զեկոյցը, փաստաթուղթ մը, որ կ՝ուրուագծէ եկեղեցական համայնքներու օգնելու գործնական ձեռնարկ՝ ոտնձգութիւններոն համար «Վերականգնողական միջոցառումներ» իրականացնելու հարցին մէջ։ Զեկոյցը մշակուած է զոհերու, վերապրածներու եւ ոչ եկեղեցական կազմակերպութիւններուն լսողական խումբի անմիջական մասնակցութեամբ ու ներկայացուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ նշանակուած յանձնաժողովին նախագահ, Արքի Թիպոլթ Վերնիի կողմէ։

Փաստաթուղթը շեշտը կը դնէ զոհերուն «տեղեկացուած լսելու» վրայ, որպէս փոխհատուցման գործողութեան մեկնարկային կէտ։ Առաջարկուած ուղեցոյցները կը ներառեն բաժնեկցուած փորձառութիւններուն համար «անվտանգ տարածքներ» ստեղծումը, զոհերուն համար իրենց պարագաներուն վերաբերեալ տեղեկութեան թափանցիկ հասանելիութիւն եւ համապարփակ երկարաժամկէտ աջակցութիւն, ներառեալ ֆինանսական, հոգեբանական եւ հոգեւոր աջակցութիւն։

Զեկոյցը կ՝ընդգծէ Եկեղեցւոյ կողմէ պատճառուած վնասը ճանչցող եւ հրապարակայնօրէն պատասխանատուութիւն կրող պաշտօնական յայտարարութիւններ հրապարակելու անհրաժեշտութիւնը՝ սահմանելով փոխհատուցումը որպէս ողջ համայնքի համատեղ պարտականութիւն։

Հիմնական յանձնարարութիւններուն շարքին են յայտարարութիւններուն ընթացակարգերուն պարզեցումը եւ եկեղեցական առաջնորդներուն հեռացումը, որոնք թաքցուցած կամ նպաստած են ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ նման որոշումներու պատճառները յստակօրէն ներկայացնելը։ Անհրաժեշտ է նաեւ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներուն շրջանակէն ներս աւելի մեծ իրազեկուածութիւն, ինչպէս նաեւ մեղաւորներուն նկատմամբ աւելի խիստ պատժամիջոցներ։ Առաջընթացը վերահսկելու համար առաջարկուած է ստեղծել միջազգային ակադեմիական ցանց։

Զեկոյցը կը քննարկէ աշխարհի տարբեր տեղական եկեղեցիներուն մէջ տիրող իրավիճակը։

Զեկոյցի վերջին բաժինը կը կեդրոնանայ «Յիշատակի նախաձեռնութեան» առաջընթացքի վրայ. Յանձնաժողովի կողմէ 2022 թուականին հիմնադրուած այս նախաձեռնութիւնը, եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերէն, կրօնական միաբանութիւններէն եւ հիմնադրամներէն միջոցներու հաւաքածոյ է՝ հարաւի աւելի քիչ հարստութիւններ ունեցող երկիրներու աջակցելու համար։ Ներկայիս, կան 20 համաձայնագիրեր Յիշատակի նախաձեռնութիւններ»ու աջակցելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2025, 13:57