Երկխօսութիւնը՝ կամուրջներ կառուցելու ուխտագնացութիւն․ Կարդինալ Քովաքատ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Երկխօսութեան ուղին նման է ուխտագնացութեան, զոր կը ձեռնարկենք «անկախ կրօնական աւանդոյթներու պատկանելութենէն», քանի որ բոլորը կը ձգտեն ներքին մաքրագործման, Աստուծոյ հետ հանդիպման։ Միջկրօնական Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Կարդինալ Ժորժ Եաքով Քովաքատը այս միտքը արտայայտեց 2025 թուականի Յոբելենական Սուրբ Տարուայ միջկրօնական արարողութեան ընթացքին իր ելոյթին մէջ, զոր կազմակերպած էր Պոմպէյի Արքեպիսկոպոսութիւնը 4 Հոկտեմբերին՝ «Յոյսի ուխտաւորներ. դէպի խաղաղութիւն ճանապարհորդող կրօններ» խորագիրով։
«Nostra Aetate»ն՝ աշխարհի տարբեր կրօններու մարդկանց միջեւ երկխօսութեան ծաղկման հիմք
Ընդգծելով հանդիպման, բաժնեկցումի եւ միասին ճանապարհորդելու կարեւորութիւնը՝ որպէս հասուն երկխօսութեան զարգացման հիմք, Ծիրանաւորը շեշտեց, որ այդ արարողութիւնը նաեւ հնարաւորութիւն էր նշելու «Nostra Aetate»ի՝ Վատիկանեան Բ․ Տիեզերական Ժողովի Հռչակագիրի 60-ամեակը (28 Հոկտեմբերին)՝ Եկեղեցւոյ եւ ոչ քրիստոնէական կրօններու միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ, որ «հիմք դրաւ աշխարհի տարբեր կրօններու մարդկանց միջեւ երկխօսութեան ծաղկման համար [...]»։
Հաւատքներու միջեւ կամուրջներու կառուցում
Ասկէ մեկնելով Կարդինալ Քովաքատը, կրկնելով Լեւոն ԺԴ․ Պապին խօսքերը թէ՝ «կրօնը, իր ամենէ իսկական էութեամբ, հակամարտութեան աղբիւր չէ, այլ բուժման եւ հաշտեցման աղբիւր», մէջբերեց «Nostra Aetate»ի մէջ կատարուած շեշտադրումը առ այն, որ կրօնները կարեւոր դեր ունին տարբեր հաւատքներու, մշակոյթներու եւ ժառանգութիւններու մարդկանց միջեւ կամուրջներ կառուցելու գործին մէջ, եւ կոչուած են յոյսի սերմեր ցանելու [...], արդարութեան, եղբայրութեան, զինաթափման եւ արարչագործութեան նկատմամբ հոգատարութեան միջոցաւ խաղաղութիւնը խթանելու:
Միջկրօնական երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը իւրայատուկ դեր կը խաղան ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան ու ընկերային բարեկամութեան կառուցման, ներդաշնակութեան համար համատեղ գործողութիւններու խթանման եւ յանուն խաղաղութեան մարդկանց յանձնառութիւնը ամրապնդելու գործին մէջ», շարունակեց Ծիրանաւորը:
Դառնալով յոյսի ուխտաւորներ
Այս ամէնը հրատապ անհրաժեշտութիւն է այսօրեայ համաշխարհային համատեքստին մէջ, որտեղ «մարդկութեան համար ընդհանուր ապագայ կառուցելու հարցին մէջ կ’աճի անպարկեշտութեան եւ համակերպութեան զգացումը»՝ «երբեմն նոյնիսկ Աստուծոյ եւ կրօնի անունէն կիրառուող բռնութենէ բխող ընդհանուր անորոշութիւններով»։
Քովաքատը եզրափակեց ըսելով, որ Պոմպէյի մէջ կազմակերպուած հանդիպումը «կոչ կ’ընէ մեզ դառնալ յոյսի ուխտաւորներ», ինչպէս բնութագրած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, որպէսզի յոյսը տանինք անոնց, որոնք զայն կորսնցուցին, յատկապէս՝ աղքատներուն, տառապողներին, անտեսուածներուն, խտրականութեան ենթարկուածներուն, հալածուածներուն եւ հասարակութեան ամենէ խոցելի խումբերուն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ