Որոնել

Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր 

Արք Կալլակեր. Կազայի համաձայնագիրը լաւ բան է հիմա պէտք է աշխատինք կայունութեան վրայ

Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր ելոյթ ունեցաւ դիւանագիտական երկխօսութեան նուիրուած միջոցառումի ժամանակ։ Ան իր ելոյթը սկսաւ Կազայի հարցը քննարկելով։ «Սակայն Ռուս-Ուքրանական խնդիր աւելի բարդ է, քան Մերձաւոր Արեւելքի հարցը, մենք յոյս ունինք որ այդտեղ նոյնպէս կարելի խաղաղութիւն հաստատել»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր ելոյթ ունեցաւ դիւանագիտական երկխօսութեան նուիրուած միջոցառումի ժամանակ։ Ան ընդգծեց Կազայի վերաբերեալ վերջերս կնքուած համաձայնագիրի կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի դրական դերը, միաժամանակ ընդունելով համաձայնագիրին փխրունութիւնը ինչպէս նաեւ աշխուժ միջնորդութեան եւ միջազգային համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։ Արք Կալլակեր նկարագրեց Սուրբ Աթոռի ջանքերը՝ խթանելու երկխօսութիւն եւ յարգելու միջազգային իրաւունք, չնայած որ Սուրբ Աթոռը հանդէս չեկաւ որպէս պաշտօնական միջնորդ։

Միջոցառումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ կրօններուն դերին հաշտութեան գործընթացէն ներս, յիշեցնելով «Nostra Aetate» հռչակագիրի կարեւորութիւնը եւ հրէաներուն եւ Իսլամներու հետ յարաբերութիւններուն բարելաւումները։

Համաշխարհային ճգնաժամերուն՝ ինչպէս Ուքրանիոյ տագնապի վերաբերեալ, արք Կալլակեր անդրադարձաւ իրավիճակի բարդութեան, եւ սուրբ Աթոռի յանձնառութեան նպաստելու երկխօսութեան՝ ընդգծելով ձեռք բերուած մասնակի արդիւնքները, որոնց շարքին մարդասիրական առաքելութիւնները։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուտանի, Քոնկոյի հանրապետւթեան, Միանմարի եւ այլ մոռցուած երկիրներուն մէջ հակամարտութիւններուն, ուր եկեղեցին կը գործէ։

Արք Կալլակեր խօսեցաւ նաեւ Լեւոն ԺԴ Պապին Թուրքիա եւ Լիբանան կատարելիք յառաջիկայ այցի մասին, որուն նպատակն է ամրապնդել յարաբերութիւնները Անգարայի հետ եւ խթանել Լիբանանի մէջ կայունութիւնը։

Եզրափակելով իր խօսքը արք Կալլակեր մեծ գոհունակութիւն յայտնեց Լեւոն ԺԴ Պապին Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահի կատարած այցի կապակցութեամբ՝ զայն համարելով Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններուն վկայութեան եւ խաղաղութեան շուրջ մերձեցման նշան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2025, 12:45