Որոնել

Յոբելինական Սուրբ Տարի. Ուխտաւորներ Յոբելինական Սուրբ Տարի. Ուխտաւորներ   (ANSA)

Սկիզբ առաւ Համաշխարհային Կրթութեան Յոբելեանը

Համաշխարհային Կրթութեան Յոբելեանի միջոցառումներուն ծիրէն ներս Լեւոն ԺԴ. Պապը ներկայ կը գտնուի տարբեր հանդիպումներուն, Քահանայապետական համալսարաններու, հաստատութիւններուն անդամներուն, ինչպէս նաեւ կրթիչներուն հետ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 27 հոկտեմբերին սկիզբ առաւ Համաշխարհային Կրթութեան Յոբելեանը որ պիտի աւարտի շաբաթ մէկ նոյեմբերին։ Սոյն միջոցառումը մաս կը կազմէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 25-րդ «Յոյսի ուխտաւորներ»յոբելեանին, ու համակարգուած է Մշակոյթի եւ Կրթութեան վերատեսչութեան կողմէ։

«Յոյսի Համաստեղութիւններ» խորագիրով Համաշխարհային Կրթութեան Յոբելեանը պիտի նշէ Կաթողիկէ Կրթական ցանցը, որ աշխարհի ամենամեծն է ՝ գրեթէ 72 միլիոն ուսանողներով։ Կ՝ակնկալուի աւելի քան 1500 մասնակիցներ, 14 երկիրներէ։

Յիշեալ Յոբելեանին Լեւոն ԺԴ. Պապը ներկայ պիտի ըլլայ չորս կեդրոնական միջոցառումներուն։

Երկուշաբթի, 27 հոկտեմբերին, Սուրբ Պատարագի ընթացքին պիտի հանդիպի Քահանայապետական համալսարաններու եւ հաստատութիւններուն հետ։

Երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, «Gravissimum Educationis», հռչակագիրին 60 ամեակի առթիւ, Լեւոն ԺԴ Պապը կը հրապարակէ կրթութեան վերաբերեալ նոր փաստաթուղթ մը։

Հինգշաբթի, 30 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ պիտի հանդիպի աշակերտներուն հետ։ իս Ուրբաթ, 31 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպում կ՝ունենայ կրթիչներուն հետ։

Շաբաթ, մէկ նոյեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Լեւոն ԺԴ Պապին գլխաւորութեամբ կը մատուցուի Համաշխարհային Կրթութեան Յոբելեանի փակման Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին Քահանայապետը Սուրբ Յովհաննէս Հենրի Նիումանը կը հռչակէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետը։ 

Միջոցառումներուն ծիրէն ներս Լեւոն ԺԴ Պապը կրկին պիտի հրապարակէ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ սկսած Համաշխարհային կրթական համաձայնագիրը՝ արդեն իսկ գոյութիւն ունեցող 7 նպատակներուն վրայ աւելցնելով նոր նպատակ. Ներքին կեանքի զարգացում, թուայնացումի մարդկայնացում եւ խաղաղութեան համար կրթութիւնը։

Լեւոն ԺԴ Պապին հետ նախատեսուած հանդիպումներու անդին, Համաշխարհային Կրթութեան Յոբելեանը օրակարգը կ՝ընդգրկէ, ցուցահանդէսներ, գեղարուեստական եւ մշակութային նախաձեռնութիւններ, աղօթքի միջոցառումներ եւ միջազգային կրթական ցանցերուն ցուցահանդէսներ։

Յոբելեանը նպատակ ունի վերակենդանացնելու կրթութեան նկատմամբ նուիրուածութիւնը ու կոչ ընելու կրթութիւնը՝ հանրային կրթութիւններուն կեդրոն զետեղելու, որպէս եղբայրութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան խթանման գործիք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2025, 11:04