Համաշխարհային միսիոներական աշխարհի եւ գաղթականներուն յոյսի նուիրուած յոբելեանները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հոկտեմբեր 4-ին եւ 5-ին, Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ միաժամանակ համաշխարհային միսիոներական աշխարհի եւ գաղթականներուն յոբելեանները։
Երկու միջոցառումները կազմակերպուած են մարդկային համապարփակ զարգացման համար վերատեսչութեան կողմէ, համագործակցութեամբ Աւետարանումի վերատեսչութեան։
Շաբաթ 4 հոկտեմբերինն, օրը կը սկսի երկու հիմնական միջոցառումներով, որոնց պիտի մասնակցին երկու յոբելեաններուն համար Հռոմ ժամանած ուխտաւորները։ Առաւօտեան ժամը 10-ին տեղի պիտի ունենայ հրապարակային ունկնդրութիւն, Գլխաւորութեամբ Լեւոն ԺԴ. Պապին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։
ժամը 14էն 17, ուխտաւորները ուխտագնացութեամբ պիտի մեկնին դէպի Սուրբ Պետրոս տաճարի Սուրբ Դուռը։
17:00 – 18:45, տեղի պիտի ունենայ Միջազգային միսիոներական հանդիպում, Քահանայապետական Ուրպանիանա համալսարանէն ներս։
19:00 – 20:30։ Ուխտաւորները պիտի մասնակցին տարբեր լեզուներով մատուցուած Պատարագներուն Վատիկանի մօտ գտնուող եկեղեցիներու մէջ։
21:00, տեղի պիտի ունենայ Հանդիսաւոր միջազգային միսիոներական վարդարան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։
Իսկ Կիրակի, 5 հոկտեմբերին ժամը 10:30ին, Պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, գլխաւորութեամբ Լեւոն ԺԴ. Պապին որուն պիտի մասնակցին երկու յոբելեաններուն մասնակից 100 երկիրներէն ժամանած ուխտաւորներ։
Իսկ ժամ 15:00 – 19:00՝տեղի պիտի ունենայ «Ժողովուրդների փառատօն» Սան Անճելօ բերդի պարտէզներուն մէջ։ Սոյն Եզրափակիչ նախաձեռնութիւնը պիտի միացնէ երկու յոբելեանները, «Գաղթականներ եւ յոյսի միսիոնարներ ժողովուրդի մէջ» խորագիրով միջոցառումին մէջ, որ բաց ու անվճառ է բոլորին համար, որ կը ներառէ երաշժտութիւն, վկայութիւններ, եւ տարբեր համայնքներուն արուեստագէտներուն ելոյթներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ