Որոնել

Եպիսկոպոսներ Եպիսկոպոսներ  (Vatican Media)

Սինոդական խումբերու եւ մասնակցային մարմիններու յոբելեանը։

Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան հաղորդագրութիւնը։ 24-էն 26 հոկտեմբերին, կը նշուի Սինոդական խումբերուն եւ մասնակցային մարմիններուն յոբելեանը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յոյսի նուիրուած յոբելինական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, 24-էն 26 հոկտեմբերին, կը նշուի Սինոդական խումբերու եւ մասնակցային մարմիններուն յոբելեանը։ Նախատեսուած է, որ միջոցառումի իրենց մասնակցութիւնը բերեն, աշխարհի մէջ տարածուած սինոդական խումբերէն եւ մասնակցային մարմիններէն աւելի քան 2000 անդամներ ։

Միջոցառումը նպատակ ունի գնահատել վերոյիշեալ մարմիններուն ու անոնց հետ աշխատող անձերուն կողմէ մատուցուած արժէքաւոր ծառայութիւնը՝ աւելի սինոդական եկեղեցի մը կառուցելը զետեղելով Յոբելինական յոյսի հորիզոնէ ներս», նշուած է Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ։

Սինոդական խումբերու եւ մասնակցային մարմիններու յոբելեանը կը սկսի ուրբաթ, 24 հոկտեմբերին, զրոյց հանդիպումով, քննարկելով տարբեր նիւթեր, որոնց շարքին սինոդականութիւնը եկեղեցւոյ մէջ։ Ելոյթ ունեցողներուն շարքին պիտի ըլլան տարբեր դասախօսներ, ինչպէս Լեհաստանի Լոտզ թեմի արք. Կարդինալ Կրզէկորզ Ռիս։

Ապա յետմիջօրէին ժամը 5ին, տեղի պիտի ունենայ զրոյց հանդիպում Լեւոն ԺԴ Պապին հետ, որուն ընթացքին աշխարհի եօթը տարածքներէ ներկայացուցիչներ պիտի ներկայացնեն զեկոյց իրենց տարածքներուն մէջ սինոդականութեան ներդրման համար ծագած մարտահրաւէրներուն եւ փոփոխութիւններուն վերաբերեալ, որուն պիտի յաջորդէ հարցում ուղղուած Քահանայապետին։

Շաբաթ, 25 հոկտեմբերին, առաւօտեան ուխտաւորները թափօրով պիտի ուղղուին դէպի Սուրբ Պետրոսի տաճարի սուրբ Դուռը, ապա տեղի պիտի ունենայ «Հոգիի հետ զրոյց» աւելի քան տարբեր լեզուներէ փոքրիկ խումբեր պիտի կիսեն իրենց անձնական փորձառութիւնները։

Յետմիջօրէին պիտի կատարուի խմբային աշխատանքներ եւ գիտաժողովներ ունենալով որպէս նիւթ Եկեղեցւոյ սինոդական եւ միսիոներական դարձը։
Երեկոյեան ժամը 9ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ տեղի պիտի ունենայ Մարեմական հսկում եւ աղօթք, մասնակցութեամբ Հռոմի մէջ գտնուող բոլոր հաւատացեալներուն։

Կիրակի 26 հոկտեմբերին, Սինոդական խումբերու եւ մասնակցային մարմիններուն յոբելեանը կ՝աւարտի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ սուրբ Պատարագով, Լեւոն ԺԴ Պապին գլխաւորութեամբ։

Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ 26 հոկտեմբերին յետմիջօրէին մինչեւ 27 հոկտեմբեր, պիտի գումարուի Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեամբ սովորական ժողովը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2025, 13:36