Կրթական Աշխարհի Սուրբ Տարուայ Յոբելեանը. Կարդինալ Տէ Մենտոնսա. Կրթութիւնը յոյս է եւ խաղաղութիւն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի մէջ ներկայացուեցաւ, Համաշխարհային Կրթութեան յոբելեանի ծրագիրը, որ կարդինալ Խօսէ Թոթենթնօ տէ Մենտոնսա բնութագրեց, որպէս «յոյսի եւ խաղաղութեան» արարք։ Տօնակատարութիւնները պիտի բացուին եւ փակուին Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ։
Միջոցառումը կը ներառէ երեք կարեւոր պահեր։
28 հոկտեմբերին, պիտի տօնակատարուի «Gravissimum Educationisօ հռչակագիրին 60-ամեակը։ Նոյն օրը պիտի հրապարակուի Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ վերոյիշեալ հռչակագիրին արդիականութեան վերաբերեալ փաստաթուղթը ։
Նոյեմբեր 1-ին, Սուրբ Յովհաննէս Հենրի Նիւմանը պիտի հռչակուի եկեղեցւոյ վարդապետ ու Ան պիտի նշանակուի կրթութեան առաքելութեան համա հովանաւոր
համաշխարհային կրթութեան յոբելեանը պիտի ծառայէ նաեւ հրապարակելու Համաշխարհային կրթական համաձայնութիւնը՝ հարստացուած երեք նոր նպատակներով« արհեստական բանականութիւնը, անզէն խաղաղութիւն եւ կրթութիւնը ներքին կեանքի մէջ։
համաշխարհային կրթութեան յոբելեանի ներկայացումի ժամանակ, Կաթողիկէ համալսարանի տեսուչ, Էլէնա Պեքքալլի ընդգծեց, որ կաթողիկէ կրթական ցանցը աշխարհի ամենամեծն է՝ 72 միլիոն ուսանողներով։ Ան Լուսարձակի տակ առաւ նաեւ մտահոգիչ համաշխարհային վիճակագրութիւնը, ինչպէս 61 միլիոն երեխաներուն մասին, որոնք երբեք դասարան չեն մտած։ Մէջբերելով Լեւոն ԺԴ Պապը, Ան կրկնեց որ աղքատները կրթելը պարտականութիւն է։ Վերջապէս Էլէնա Պեքքալին համեմատեց ցած եկամուտ ունեցող երկիրներու մէջ կրթութեան համար նախատեսուած 97 միլիառ տոլար տարեկան պարտքը, 2024 թուականին համաշխարհային ռազմական ծախսերուն հետ, որ կը կազմէ 2.718 միլիարդ տոլար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ