Որոնել

2025.10.21 La presentazione del rapporto sulla libertà religiosa di ACS

Կրօնական ազատութիւնը՝ անձեռնմխելի իրաւունք, որու խախտումներու տարեցտարի աճը մտահոգիչ է․ Կարդինալ Փարոլին

«Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն - Aiuto alla Chiesa che Soffre - ACS» Քահանայապետական միջազգային հիմնարկի կողմէ հրապարակուած 2025 թուականի կրօնական ազատութեան զեկոյցի առթիւ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ելոյթը 21 Հոկտեմբերին Աուկուսթինաինում Հայրաբանական կաճառի լսարանին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«ACS-ի կրօնական ազատութեան զեկոյցի 25ամեակ. Ինչու՞ է կարեւոր համաշխարհային մակարդակով կրօնական ազատութիւնը», այս է Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ելոյթին խորագիրը՝ «2025 թուականի կրօնական ազատութեան զեկոյցը» ներկայացման առիթով, որ կայացաւ 2025 թուականի 21 Հոկտեմբերին, Աուկուսթինաինում Հայրաբանական կաճառի լսարանի մէջ։

Զեկոյցը հրապարակած է «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն - Aiuto alla Chiesa che Soffre - ACS» Քահանայապետական միջազգային հիմնարկը։

Նշենք թէ՝ «ACS»ը աղօթքի, տեղեկատւութեան եւ գործողութիւններու միջոցաւ կ՛աջակցի Եկեղեցւոյ եւ հալածուած, ճնշուած կամ կարիքաւոր քրիստոնեաներուն։ Հիմնադրուած է 1947 թուականին եւ 1999 թուականէն ի վեր կը հրապարակէ «Աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան մասին զեկոյցը»

Կրօնական ազատութեան կարեւորութիւնը

Իր ելոյթին սկիզբը Ծիրանաւորը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրի համար եւ ընդգծեց «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» հիմնարկի զեկոյցի հրապարակման կարեւորութիւնը, որ կը վերլուծէ համաշխարհային կրօնական ազատութեան համայնապատկերը վերջին 25 տարիներուն։

Պետքարտուղարը, յիշեցուց նաեւ, որ օրեր առաջ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը գովաբանած էր զեկոյցը՝ բնութագրելով զայն որպէս հզօր գործիք այդքան շատ մարդոց լուռ տառապանքներու մասին իրազեկութիւնը բարձրացնելու, վկայութիւն տալու եւ դատապարտելու համար։

Մարդկային արժանապատւութեան հռչակագիրի 60ամեակը

Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնեան յատուկէն անդրադարձաւ Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովի «Dichiarazione Dignitatis Humanae - Մարդկային արժանապատւութեան հռչակագիրին» (7 Դեկտեմբեր 1965), որու 60ամեակը կը նշուի այս տարի եւ ուր կը հռչակուի իւրաքանչիւր անհատի եւ համայնքի կրօնական ազատութեան հիմնարար իրաւունքը՝ շեշտելով, որ այս ազատութիւնը հիմնուած է մարդկային արժանապատւութեան եւ ճշմարտութիւնը փնտռելու եւ ճանչնալու բնական ցանկութեան վրայ՝ յարգելով իւրաքանչիւրի որոշման ազատութիւնը։

Ասկէ մեկնելով, Կարդինալ Փարոլինը յիշեցուց Պօղոս Զ. Պապի հրաւէրը՝ յարգելու ընտրութեան ազատութիւնը եւ մարդկային արժանապատւութիւնը՝ հիմնուելով այն համոզմունքի վրայ, որ Քրիստոս չի պարտադրէր հաւատքը մարդու մը, այլեւ կը հրաւիրէ անոր «գիտակցաբար, որոշելու իր ճակատագրի եւ Աստուծոյ առջեւ իր յարաբերութիւններու մասին։ (․․․) Մարդ հաւատքին պէտք է եւ կարող է արձագանքել միայն մէկ ձեւով. ազատօրէն, այսինքն՝ սէրէն դրդուած, ոչ թէ ոյժով։ Քրիստոնէութիւնը սէր է»։

Ազատութեան եւ պատասխանատուութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը

Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդկային բնոյթին բնորոշ կրօնական ազատութիւնը՝ զերծ անձնական, ընկերային կամ պետական​​ խոչընդոտներէ, անձեռնմխելի է, սակայն բացարձակ իրաւունք չէ, յարեց, ապա, Ծիրանաւորը շարունակելով թէ՝ այդ մէկը պէտք է իրականացուի պատասխանատու կերպով՝ յարգելով ընդհանուր բարօրութիւնն ու ճշմարտութիւնը: Սահմանափակումները արդարացուած են միայն այն պարագային, եթէ կը պաշտպանեն ընկերային խաղաղութիւնը, հասարակական բարոյականութիւնը եւ ուրիշներու իրաւունքները՝ նպաստելով ազատութեան եւ պատասխանատուութեան միջեւ հաւասարակշռութեան:

Միջազգային համապատասխանող օրէնսդրութեան կարեւորութիւնը

Այս շրջագիծէն ներս՝ Կարդինալը կարեւորեց քաղաքացիական իշխանութիւններու դերը բարոյական օրէնքներուն համապատասխանող օրէնսդրութիւն ընդունելու գործին մէջ, ներկայացնելով միաժամանակ «Մարդկային Արժանապատուութեան հռչակագիրի» համոզիչ փաստարկները ազատութեան ճանաչման առումով, ինչպէս նաեւ յղում կատարելով ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրին (յօդուած 18), որ, ի միջի այլոց, կը հաստատէ հաւատալու, հաւատքը փոխելու եւ առանց հարկադրանքի հրապարակայնօրէն դրսեւորելու իրաւունքը:

Կրօնական ազատութեան խախտումները տարեցտարի կ’աճին

Այնուամենայնիւ, շարունակեց Ծիրանաւորը աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան մասին 2025 թուականի զեկոյցը ցոյց կու տայ, որ այս ազատութիւնը յաճախ կը խախտուի. 196 երկիրներէն 62ը խստօրէն կը սահմանափակեն կրօնական ազատութիւնը, որմէ կը տուժէ շուրջ 5.4 միլիարդ մարդ, բացի այդ կրօնական ազատութեան խախտումները տարեցտարի կ’աճին, որ առ աւելիով մտահոգիչ է:

Ի վերջոյ, Կարդինալ Փարոլինը անգամ մը եւս կարեւորելով կրօնական ազատութիւնը՝ խաղաղութեան եւ ընկերային առաջընթացի համար, իր ելոյթը աւարտեց՝ մէջբերելով Լեւոն ԺԴ․ Քահանայապետի խօսքերը, որ համահունչ իր օգոստափառ նախորդի վերջին՝ «Ուրպի էթ Օրպի»ի իմաստնութեան, կրկնած է. «Խաղաղութիւն չի կարող ըլլալ առանց կրօնի, մտքի, խօսքի ազատութեան եւ յարգանքի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2025, 13:31