Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին  (ANSA)

Կարդինալ Փարոլին «Սուրբ Աթոռը յոյսով լի է, որ խաղաղութեան ծրագիրը կ՝իրագործուի»

Պետական քարտուղարը պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն, Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած «Աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան մասին» նոր զեկոյցի ներկայացումի շրջանակէն ներս։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ զինադադարէ յետոյ տեղի ունեցած վերջին բախումներու վերաբերեալ եւ անընդունելի նկատեց Այսր յորդանանի մէջ Քրիստոնեաներուն հետապնդումը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կրօնական ազատութեան մասին զեկոյցի ներկայացումի շրջանակէն ներս, Վատիկանի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին արտայայտեց Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումի մի քանի հարցերուն վերաբերեալ։ Սուրբ Երկրի մասին ան արտայայտեց Վատիկանի մտահոգութիւնը Կազայի հրադադարի դադրեցման գծով բայց նաեւ խաղաղութեան ծրագիրին նկատմամբ։

«Այնտեղ խնդիրը, անշուշտ շատ բարդ է, բայց չենք կրնար հասկնալ թէ ինչու այդ քրիստոնեաները, որոնք կ՝ապրին իրենց բնականոն կեանքով նման հետապնդումներուն թիրախ կը դառնան, ըսաւ Կարդինալը աւելցնելով «հալածանքներուն մասին խօսիլը քիչ մը խնդրայարոյց է, բայց անոնք անշուշտ այնպիսի իրավիճակներ են, որոնք մենք չենք կրնան ընդունիլ։

Անդրադառնալով Նիճերիոյ իրավիճակին՝ Կարդինալ Փարոլին պարզաբանեց որ դա կրօնական հակամարտութիւն չէ, այլ ընկերային, ընդգծելով որ շատ մը մահմետականներ նոյնպէս զոհ են ծայրայեղական խմբաւորումներուն։

Վերջապէս մեկնաբանելով Լրագիր Սիկֆրիտօ Ռանուչի վրայ յարձակումը, Պետական քարտուղարը յայտնեց համերաշխութիւն եւ մեծ մտահոգութիւն ազատ մամուլի սպառնալիքի վերաբերեալ՝ զգուշացնելով անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի վտանգին մասին եւ վերահաստատելով, որ բոլորը պէտք է կարողանան ազատօրէն արտայայտուիլ առանց սպառնալիքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2025, 13:04