Ասսիզիի մարգարիտ եւ Եկեղեցւոյ պարգեւ Սուրբ Քարլօ Աքութիսը մեզի կը սորվեցնէ ուրախանալ Աստուծոյ հետ․ Կարդինալ Փարոլին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Քարլոն այս քաղաքի սուրբերու նոր մարգարիտն է եւ մեծ պարգեւ է Եկեղեցւոյ համար. թող անոր վկայութիւնը պտուղ բերէ երիտասարդներու մէջ սրբութեան բազմաթիւ պտուղներով»։ Խօսքերն են ասոնք Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին, զոր ան արտասանեց՝ 12 Հոկտեմբերին, Սանթա Մարիա Մաճճորէ Եկեղեցւոյ մէջ՝ յայտնի նաեւ որպէս Սուրբ Ֆրանչիսկոսի «Մերկացումի Սրբավայր», Սուրբ Քարլօ Աքութիսի յիշատակի օրուան նուիրուած Սուրբ Պատարագի ժամանակ իր քարոզի ընթացքին։ Ծիսակատարութեան ներկայ էին քաղաքացիական, ռազմական եւ կրօնական իշխանութիւնները, Քարլոյի ծնողները՝ Անթոնիա Սալզանոն եւ Անտրեա Աքութիսը, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր ուխտաւորներ եւ հաւատացեալներ։ Սրբազան Քահանայապետը Քարլօ Աքութիսին Սուրբերու շարքը դասեց անցեալ 7 սեպտեմբերին։
Քարլոյի օրինակը
«Քարլոն իր կեանքի օրինակով կ’օգնէ մեզի հասկանալու» «Աստուծոյ խօսքը, որ հռչակուեցաւ քիչ առաջ», ըսաւ Պետքարտուղարը իր խօսքին սկիզբը՝ յղում կատարելով Աւետարանական Երկրորդ ընթերցումին, որ քաղուած էր Պօղոս Առաքեալի Փիլիպպեցիներուն ուղղած նամակէն։ Կարդինալ Փարոլինը նշեց, որ Պօղոս բանտէն սրտառուչ նամակ կը գրէ իր համայնքին, հրաւիրելով բոլորը Հաղորդութեան եւ յորդորելով ընդօրինակել Քրիստոսին․ «Յիսուս մերկացաւ իր ամբողջ աստուածային փառքէն՝ մեզմէ մէկը դառնալու համար, անգամ մինչեւ մահ խաչին վրայ»։ «Եւ գեղեցիկ է յիշել այդ մասին այս Սրբավայրի մէջ, որ նուիրուած է մերկացման, ըսաւ Կարդինալը եւ յիշատակեց Սուրբ Ֆրանչիսկոսի «ժեսթը»՝ Ֆրանչիսկոս մերկացաւ, ցանկանալով ընդօրինակել Յիսուսին»՝ «Քրիստոսին դարձնելով իր միակ գանձը»։
Տխուր եւ բողոքող քրիստոնեաները Աւետարանի լաւ վկաներ չեն
«Եւ եթէ քրիստոնէութիւնը փրկութեան ուղերձ է, իսկ Յիսուս՝ մեր փրկիչը, ինչպէ՞ս կրնանք չ’ուրախանալ» շարունակեց Ծիրանաւորը եւ հաստատեց, որ ընտրուած Աւետարանական ընթերցումի մէջ կայ «ուրախութեան հրաւէր». «Աստուծոյ Որդին իջաւ երկինքէն եւ եկաւ մեզի երջանիկ դարձնելու»։
Քարլոն իր պայծառ, արեւոտ եւ ժպտացող դէմքով, առաջին հերթին կը վկայէ թէ՝ ապրած է Պօղոսի հրաւէրով՝ «միշտ ուրախացէք Տիրոջմով»։ «Տխուր եւ բողոքող քրիստոնեաները Աւետարանի լաւ վկաներ չեն» նկատել տուաւ նաեւ Կարդինալը։ «Կեանքը կը ճանչնայ տառապանք, մտածենք բազմաթիւ սարսափելի պատերազմներու մասին, որոնք կը մղուին այդքան արիւնահեղութեամբ»։ Այս մէկը կը պահանջէ, որ ապրինք Պօղոսի մէկ այլ ուսմունքով՝ ուրախանալ ուրախացողներու հետ, արտասուիլ արտասուողներու հետ»։ Ըստ Պետքարտուղարի, վերջինս, սակայն, սիրոյ լաց է, որ «ուրախութիւն կը բերէ՝ առանց խլելու խաղաղութիւնն ու յոյսը»։ Ասկէ մեկնելով, ան յղում կատարեց նաեւ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի «Արարածներու Երգը» ստեղծագործութեան հետեւեալ տողերուն․ «Երանի անոնց, որոնք կ’աջակցին խաղաղութեան, քանզի Քեզմէ, Բարձրեալ, պիտի թագադրուին»։
Քարլոն՝ մեր ժամանակներու տղայ, որ կը սիրէր կեանքի գեղեցկութիւնները մաքուր սրտով
Պօղոս Առաքեալի կողմէ ուրուագծուած քրիստոնէական կեանքը կը համապատասխանէ Քարլոյի կեանքին։ Մեր ժամանակներու տղայ, ըսաւ Ծիրանաւորը, որ կը սիրէր կեանքի գեղեցկութիւնները մաքուր սրտով՝ Յիսուսը դարձնելով իր կեանքի առանցք։ «Ասիկա էր անոր ինքնատիպութեան գաղտնիքը»։ «Ան չ’ուզեց լուսապատճէն ըլլալ եւ խոնարհիլ նորաձեւութեան, այլ մնաց ինչպէս որ էր, քանի որ լի էր Տէր Յիսուսով», յարեց ապա Կարդինալ Փարոլինը։
Սրբութիւնը հնարաւոր է իւրաքանչիւր տարիքին
Սուրբ Քարլոյի յիշատակի օրուայ առաջին Սուրբ Պատարագին Վատիկանի Պետքարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ այս մեծ պարգեւի համար։
Քարլոն կը յիշեցնէ, որ բոլորս ալ կոչուած ենք դառնալու սուրբեր, ան իր կեանքով մեզի կը բացատրէ, որ սրբութիւնը հնարաւոր է իւրաքանչիւր տարիքին եւ կեանքի իւրաքանչիւր ոլորտէն ներս: Քարլոն սուրբերու այս քաղաքի նոր մարգարիտն է եւ մեծ պարգեւ Եկեղեցւոյ համար․ թող անոր վկայութիւնը պտուղ բերէ երիտասարդներու մէջ սրբութեան բազմաթիւ պտուղներով» եզրափակեց իր քարոզը Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը։
Եպիսկոպոս Սոռենթինոյի երախտագիտութիւնը
Սուրբ Պատարագի սկզբին Ասսիզի-Նոչերա Ումպրա-Կուալտօ Թատինոյի եւ Ֆոլինիօ թեմերու Եպիսկոպոս Գերապայծառ Տոմենիքօ Սոռենթինոն շնորհակալութիւն յայտնեց Կարդինալ Փարոլինին՝ «Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին սէրը ու գուրգուրանքը կրկին անգամ բերելու համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ