Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. Արհեստական բանականութիւնը բժիշկներուն աջակցութիւն է, բայց ոչ թէ անոնց մարդկայնութիւնը փոխարինողը

«Մարդկային արժանապատուութիւնը բոլոր հաշուարկներէն վեր է»։ ըսաւ Կարդինալ Փարոլին, հոկտեմբեր 15ին, Հռոմի Առողջութեան գերագոյն հաստատութեան մէջ, արհեստական բանականութեան զարգացման կեդրոնի բացումի առթիւ արտասանած ելոյթին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հոկտեմբեր 15ին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Հռոմի առողջութեան գերագոյն հաստատութեան մէջ տեղի ունեցած ելոյթի ժամանակ՝ Արհեստական բանականութեան ուսումնասիրութեան եւ զարգացման կեդրոնի բացումի առիթով, անդրադարձաւ առողջապահութեան ոլորտէն ներս արհեստական բանականութեան օգտագործման առաւելութիւններուն եւ վտանգներուն։ «Արհեստական բանականութեան բարոյականութիւն» վերնագիրով ելոյթին մէջ Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց, որ արհեստական բանականութիւնը կը ներկայացնէ «խոստումնալից հորիզոն» բայց նաեւ խաչմերուկ» որ կը պարտադրէ կարեւորագոյն բարոյական ընտրութիւնները։ Մէկ կողմէ ան կարող է հանգեցնել «անմարդկային» արհեստավարժութիւն» որ կը բացառէ խոցելիները, միւս կողմէ այն կարող է լուսաւորուիլ բարոյականով եւ ծառայել իւրաքանչիւր մարդու անբաժանելի բարօրութեան։

Արհեստական բանականութիւնը կարող է զգալիօրէն նպաստել բժշկութեան

Կարդինալը ընդգծեց, թէ ինչպէս արհեստական բանականութիւնը կարող է զգալիօրէն նպաստել բժշկութեան, օրինակ աւելի ճշգրիտ ախտորոշումներուն նոր դեղերու յայտնաբերման եւ առողջապահական միջոցներուն օգտագործման ՝ խթանելով խնամքի աւելի արդարացի հասանելիութիւնը։ Ան զգուշացուց խնամքի «անմարդկայնացման» վտանգերէն ընդգծելով, որ բժիշկ – հիւանդ յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են երկխօսութեան եւ վստահութեան վրայ, չեն կրնար փոխարինել ալկորիթմները, որոնք կարող են առաջարկել ախտորոշումներ, բայց ոչ մխիթարութիւն։

Պետական քարտուղարը շեշտեց մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքի պահպանման կարեւորութիւնը, հակադարձելով «մնացորդաց մշակոյթի», ինչպէս նաեւ որոշ կեանքեր «ապրելու արժանի չհամարելու» հնարաւորութեան, հաստատելով որ իւրաքանչիւր կեանք՝ բեղմնաւորումէն մինչեւ բնական մահ, ունի անսահման արժէք։ Ծիրանաւորը ընդգծեց, թէ ինչպէս եկեղեցին կ՝աջակցի «Արհեստավարժութեան մարդկային եւ մարդասիրական կառավարման խթանելով գիտնականներուն, բարոյագէտներու, փիլիսոփաներուն, աստուածաբաններուն եւ քաղաքական գործիչներուն միջեւ երկխօսութիւն, եւ ներդրումներ կատարելով արհեստական բանականութիւն մշակողներուն եւ օգտագործողներուն բարոյական վերապատրաստման մէջ։

Վերջնական որոշումը միշտ պէտք է մնայ մարդու ձեռքին մէջ,

Վերջնական որոշումը միշտ պէտք է մնայ մարդու ձեռքին մէջ, որոնք ունակ են տուեալները ամբողջացնելու այնպիսի արժէքներուն հետ, ինչպէս խոհեմութիւնը, կարեկացանքը եւ իմաստութիւնը։

Վերջապէս կարդինալ Փարոլին յիշեցուց արհեստական բանականութեան զարգացման բարոյական որոշ հիմնարար սկզբունքներ, որոնց շարքին՝ թափանցիկութիւնը, ներառականութիւնը, պատասխանատուութիւնը, անաչառութիւնը, յուսալիութիւնը, անվտանգութիւնն ու գաղտնիութիւնը։ Ան եզրափակեց՝ արտայայտելով Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը՝ փորձագէտները ներգրաւելու նոր կեդրոնի գործունէութեան մէջ՝ վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը մարդկութեան ծառայութեան մէջ գտնուող արհեստագիտական առաջընթացին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2025, 13:33