Սուրբ Աթոռ. Միջուկային զէնքի վերացումը հրատապ բարոյական հրամայական է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ՄԱԿ-ի ընդհանուր 80-րդ նստաշրջանին, Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ, արք Կապրիելէ Քաչիա միջուկային զէնքերը ու անոնց ընդլայնումը անուանեց «խաղաղութեան սպառնացող ամենամեծ սպառնալիքներէն մէկը»։ Յիշելով Հիրոշիմային եւ Նակազաքիի մէջ առաջին փորձարկումներուն եւ ռմբակոծումներուն 80 ամեակը, ընդգծեց նման աղէտներուն կրկնութիւնը կանխելու համատեղ պատասխանատուութիւնը։
Արք Կաչիան հաստատեց որ խաղաղութիւնը չկրնար հիմնուած ըլլալ փոխադարձ ոչնչացումի սպառնալիք վրայ՝ զայն անուանելով «բարոյապէս անպաշտպան եւ ռազմավարական առումով անկայուն, քանի որ անիկա միայն կ՝աճեցնէ վախը եւ անկայուն կը դարձնէ անվտանգութիւնը։
Արքեպիսկոպոսը լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց միջուկային հրամանատարական համակարգերու մէջ արհեստական բանականութեան օգտագործման վերաբերեալ՝ ընդգծելով, որ անիկա կը նուազեցնէ մարդկային վերահսկողութիւնը եւ կ՝աճեցնէ աղետալի սխալ հաշուարկներուն վտանգը։
Սուրբ Աթոռը կը շեշտէ, որ միջուկային զէնքի վերացումը անիրատեսական չէ այլ «անյետաձգելի բարոյական հրամայական։ Արք Քաչիա կոչ ըրաւ պետութիւններուն յարգելու իրենց պարտականութիւնները՝ համաձայն «միջուկային զէնքի չտարածման մասին պայմանագիրի» եւ «Միջուկային զէնքի արգիլման մասին պայմանագիրին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ