Որոնել

2025.03.06 Monsignor Gabriele Caccia, osservatore permanente della Santa Sede presso le Nazioni Unite

Սուրբ Աթոռը ՄԱԿ-ին. Նուազ ռազմական ծախսեր, ջնջել աղքատ երկիրներու պարտքը

Գերապ. Քաչա «անկայուն» որակեց անհաւասարակշռութիւնը, որ միլիոնաւոր մարդիկը կը զրկէ կարևոր ծառայութիւններէ օգտուելու հնարաւորութենէն՝ ինչպիսիք են առողջապահութիւնը, կրթութիւնը և սնունդը, խաթարելով բազմակողմնութիւնը և համապարփակ զարգացումը: Ան ապա վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի լիակատար վստահութիւնը ՄԱԿ-ի դերի նկատմամբ, զոր կը համարէ միջազգային երկխօսութեան և համագործակցութեան «յոյսի փարոս»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապ. Կապրիելէ Քաչչա հրատապ կոչ մը ուղղեց կրճատեցնելու համար համաշխարհային ռազմական ծախսերը, որոնք 2024 թուականին հասան 2.7 թրիլիոն տոլարի, և ջնջելու աղքատ երկիրներուն պարտքերը։

Ան հակասական նկատեց այն իրողութիւնը` որ խաղաղութեան ի սպաս ներդրուած իւրաքանչիւր տոլարէն երկուքը յատկացուած են պատերազմին, մինչդեռ Կայուն զարգացման նպատակներու (ԿԶՆ) ֆինանսաւորման բացը տարեկան կը կազմէ 4 թրիլիոն տոլար:

Գերապ. Քաչա «անկայուն» որակեց  անհաւասարակշռութիւնը, որ միլիոնաւոր մարդիկը կը զրկէ կարևոր ծառայութիւններէ օգտուելու հնարաւորութենէն՝ ինչպիսիք են առողջապահութիւնը, կրթութիւնը և սնունդը, խաթարելով բազմակողմնութիւնը և համապարփակ զարգացումը:

Ան ապա վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի լիակատար վստահութիւնը ՄԱԿ-ի դերի նկատմամբ, զոր կը համարէ միջազգային երկխօսութեան և համագործակցութեան «յոյսի փարոս»:

Ի վերջոյ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը վերահաստատեց աւելիով խոցելի երկիրներու պարտքերը ջնջելու խնդրանքը յատկապէս այս յոբելենական տարուան առիթով, այս մէկը նկատելով ոչ թէ տնտեսական արարք մը այլ բարոյական հրամայական մը` յանուն համայն մարդկութեան հասարակաց բարիքին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2025, 12:25