Որոնել

Սուրբ Պետրոս հրապարակ, տօնածառ Սուրբ Պետրոս հրապարակ, տօնածառ 

Ուլթիմօ հովիտէն եւ Քամբանիա նահանգէն Սուրբ Պետրոս հրապարակի տօնածառն ու մսուրը

Մօտաւորապէս 27 մթ բարձրութեամբ եղեւնին, որ պիտի տեղադրուի Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կը բերուի Պոլցանօ ինքնավար նահանգի Քակունտօ եւ Ուլթիմօ քաղաքապետարններէն։ Մսուրը պիտի ունենայ Նոչերա տարածքի բնորոշ տարրեր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այս տարի Ծննդեան եղեւինին եւ Սուրբ Պերտրոս հրապարակի վրայ մսուրը կը բերուին Իտալիոյ Պոլցանօ ինքնաւար նահանգին Նոչերա Ինֆէրիորէ-Սարնօ թեմէն ու եւ Կոսթա Ռիքայէն։ Վատիկան քաղաքի կառավարութեան յայտարարութեան համաձայն, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ տեղադրուելիք մօտաւորապէս 27 մթ բարձրութեամբ կարմիր եղեւինին կը բերուին Ուլթիմօ քաղաքի 40 քիլոմեթր երկարութեամբ Ալպեան հովիտէն, որ կը գտնուի արեւմտեան Ալթօ Ատիճէի մէջ ու կ՝աւարտին Լանայի մէջ ու նուիրաբերուած է Ուլթիմ» եւ Կակունտօ քաղաքապետարաններուն կողմէ։

Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ տեղադրուելիք մսուրը կը բերուի Սալերնօ նահանգէն ու ունի Նոչերա տարածքին բնորոշ տարրեր։

Աշխատանքը կը ներկայացնէ Մարդեղութեան խորհուրդը՝ միացնելով կրօնական խորհրդանիշեր, տեղական տարրեր եւ տեղական հոգեւորականութեան օրինակելի դէմքեր։ Մասնաւորապէս, առաջին յարկին վրայ պատկերուած պիտի ըլլայ Աստուծոյ ծառայ Հայր Էնրիքօ Սմալդոնէրի դիմագիծերով հովիւ՝ երկու երեխաներու հետ միասին, որոնք կը պատրաստուին բարձրանալ սանդուխով, որ ցոյց կու տայ Քրիստոսը՛, որպէս կրթական ուղեւորութեան միակ կեդրոնը

Վերի յարկը պատկերուած պիտի ըլլայ Նոչերա Սուբրեիորի, վաղ Քրիստոնէական մկրտարանի հատուած մը՝ 12 սիւներով, որոնք վեր կը բռնեն գմբեթի մնացածը։ Պատշգամին վրայ գտնուող կին մը կը հետեւի, թէ ինչ կը պատահի։
Մսուրի կեդրոնի գլխաւոր տեսարանը պիտի ըլլայ՝ Յիսուսը, Մարիամը, Սուրբ Յովսէփը, ցուլի եւ էշի հետ, երեք մոգեր որոնք կ՝երկրպագեն Մանուկ Յիսուսին եւ հովուուհի մը որ կը նուիրէ թեմի տարածքի հարստութիւնները«, բանջարեղէն, ընկոյզ, լոլիկ...)

Սուրբ Պօղիս Զ դահլիճին մէջ տեղադրուելիք մսուրի թեման ընտրուած է Քոսթար Ռիքայէն։

Արուեստագէտ Փաուլա Սաէնզ Սոթոյի աշխատանքը նպատակ ունի ոչ միայն ընդգծել Սուրբ Ծննդեան խաղաղութեան պատգամը, այլեւ կոչ ընել աշխարհին պաշտպանելու կեանքը՝ բեղմնաւորումէն սկսեալ։
Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղադրուելիք տօնածառէն անդին Վատիկան պիտի բերուի փոքրի չափերով տօնածառեր միշտ Ուլթիմօ եւ Քակունտօ քաղաքներէն, որոնք պիտի զարդարուին ու պիտի տեղադրուին Վատիկան քաղաք եւ Սուրբ Աթոռի պալատներուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2025, 11:04