Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ տեղադրուեցաւ Սուրբ Ծնունդի տօնածառը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այս առաւօտ, նոյեմբեր 27-ին, ծանրամբարձի մը օգնութեամբ, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ սահմանափակ տարածքի վրայ տեղադրուեցաւ Սուրբ Ծնունդի տօնածառը, ուր պիտի զետեղուի նաեւ Սալէրնոյի գաւառէն (Քամփանիա) բերուած մսուրը, որ պիտի ունենայ Նոչերայի շրջանի բնորոշ տարրերը։
Մօտաւորապէս 27 մեթր բարձրութեամբ եղեւնին՝ անտառին նկատմամբ յարգանքով, բերուած է Պոլցանոյի գաւառի (Թրենթինօ-Ալթո Ատիճէ) Ուլթիմօի ալփեան հովիտէն եւ նուիրուած է Լակունտօ ու Ուլթիմօ համայնքներուն կողմէ։ «Ծառին կտրումը,- ըսած է Պոլցանօ-Պրեսանոնէի եպիսկոպոս, գերապայծառ Իւո Միւզըրը,- անյարգալից արարք չէ, այլ խոհեմ անտառային կառավարման արդիւնքն է, ուր աշխուժ խնամքի մը մաս կը կազմէ, որ կ’ապահովէ անտառի առողջութիւնը եւ կը պահէ իր աճը վերահսկողութեան տակ»։
Զարմանք Արարչութեան առջեւ
«Կը յուսամ, որ Արարչութեան առջեւ զարմանքը,- յայտարարած է եպիսկոպոսը Վատիկան Քաղաք Պետութեան կայքին վրայ հրատարակուած հարցազրոյցի մը մէջ,- պիտի արթնանայ նաեւ մեր տօնածառին միջոցաւ, ու պիտի մղէ մտածելու։ Կարիք կայ ուշադիր, զարմացած ու յարգալից մարդոց, որոնք նաեւ պատրաստ են ընդունելու կայուն եւ զուսպ ապրելակերպեր»։
Միշտ Ալթօ Ատիճէէն կու գան ծառերը, որոնք նախատեսուած են Վատիկանը զարդարելու 2025 թուականի Ծննդեան տօնին առիթով, որ Լեւոն ԺԴ.- Պապին առաջինն է։ Կարմիր Եղեւնիէն զատ, պիտի ըլլան աւելի փոքր ուրիշ օրինակներ, որոնք պիտի տեղադրուին Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկան Քաղաք Պետութեան գրասենեակներուն ու պալատներուն մէջ։ Այս բոլորը նուիրուած են Մերանէի շրջանի Լակունտօ եւ Ուլթիմօ համայնքներուն կողմէ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ