Որոնել

Սուրբ Աթոռի 2024 թուականի հաշուետութիւնը Սուրբ Աթոռի 2024 թուականի հաշուետութիւնը 

Սուրբ Աթոռը 2024-ը կը փակէ 1.6 միլիոն եւրոյի աւելցուկով

Տնտեսութեան Քարտուղարութիւնը հրապարակեց անցեալ տարտի ամրապնդուած Հաշուետուութիւնը։ Անհամբեր սպասուած ֆինանսական շրջադարձ մը, որ ապագայ հաստատումներ կը պահանջէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Տնտեսութեան Քարտուղարութիւնը այսօր՝ չորեքշաբթի, նոյեմբեր 26-ին, հրապարակեց Սուրբ Աթոռի 2024-ին ամրապնդուած Հաշուետուութիւնը որ ցոյց կու տայ 1.6 միլիոն եւրոյի աւելցուկ։ Այս արդիւնքը կը ներկայացնէ նախորդ տարի գրանցուած 51.2 միլիոն եւրոյի պակասորդին համեմատ նշանակալից վերականգնում։

Դրական ուղղութիւն

Հաշուետուութիւնը ցոյց կու տայ յստակ բարելաւում մը եւ թէեւ զգուշաւոր գիտակցութեամբ, որ լիակատար ֆինանսական կայունութիւնը երկարատեւ նպատակ մըն է, յստակ դրական ուղղութիւն մը դիտելի է։

Ընդհանուր բարելաւում: Ընդհանուր մակարդակով բարելաւումը կը հիմնուի պակասորդին նշանակալից նուազումին վրայ, որ կրճատուած է գրեթէ 50%-որ՝ 83 միլիոնէն իջնելով 44 միլիոն եւրոյի։

Այս յաջողութիւնը արձանագրուած է շնորհիւ մուտքերուն 79 միլիոն եւրոյի աճին, որոնք կու գան հիմնականին մէջ նուիրատուութիւններէն եւ հիւանդանոցային կառավարումէն եւ ծախսերը վերահսկելու ջանքերուն, որոնք մասամբ փոխհատուցած են գնաճը եւ անձնակազմի ծախսերուն աճը։

Ֆինանսական կառավարման արդիւնք: Ֆինանսական կառավարման աշխատանքը եղած է յատկապէս դրական՝ ստեղծելով 46 միլիոն եւրոյի չափով դրական արդիւնքներ, որոնք գերազանցած են 2023-ի մակարդակները եւ առանցքային դեր ունեցած են գործառնական պակասորդը փակելու մէջ։

Այս արդիւնքը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է աւելցուկային արժէքի իրացումով շնորհիւ Ներդրումներու Կոմիտէի աշխատանքներուն սկիզբին, որ նոր միայն այս տարի պիտի սկսի գործել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2025, 13:44