Որոնել

2025.11.04 Card. Dominik Duka (foto Clovek a vira)

Մահացած է 20-րդ դարու չեխական եկեղեցւոյ կարևոր դէմք հանդիսացող կարդինալ Տոմինիք Տուքան

Աստուածաբան և թարգմանիչ ըլլալով՝ Ան Երուսաղէմի Աստուածաշունչի չեխերէն թարգմանութեան հիմնական ջատագովներէն մէկը եղած է։ Վերջին տարիներուն ան շարունակեց Սուրբ Աթոռը ներկայացնել տարբեր դիւանագիտական առաքելութիւններու ընթացքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երեքշաբթի՝ նոյեմբերի 4-ին, առաւօտեան ժամը երեքին, կեանքին Տէրը յաւերժութեան կոչեց Փրակայի վաստակաւոր արքեպիսկոպոս 82 տարեկան Կարդինալ Տոմինիք Տուքան։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախատուած է շաբաթ՝ 15 նոյեմբերի, ժամը 11:00-ին» այս կը կարդանք Փարկայի Արքեպիսկոպոսութեան պաշտօնական կայքի էջերուն վրայ, ուր կը գուժուի հանգուցեալ Արքեպիսկոպոսին մահը։

1943 թուականին Hradec Králové -ի մէջ ծնած Կարդինալ Տուքան, աւազանի անունով Եարոզլաւ, փոքր տարիքէն զգացած է համայնավարութեան​​հալածանքներու դաժան հետևանքները, որոնց թիրախը եղած է չեխոսլովակական բանակի սպայ անոր հայրը։

1968 թուականին ան գաղտնի կը միանայ Տոմինիքեան միաբանութեան, երկու տարի ետք կը ձեռնադրուի քահանայ, սակայն 1975 թուականին անոր հոգևոր ծառայութիւն մատուցելու թոյլտուութիւնը չեղեալ կը յայտարարուի որուն հետեւանքով Ան մէկ տասնամեակէ աւլի կ՛ աշխատի որպէս բանուոր Սքոտա ընկերութեան մէջ՝ միաժամանակ գաղտնի շարունակելով իր հոգևոր և կրթական գործունութիւնը։

1981-ին Ան մէկ տարիէ աւելի կը կալանաւորուի իր կրօնական գաղտնի գործունութեան համար։ 1989-ին թաւշեայ յեղափոխութիւնէն յետոյ ան վերջապէս կը կարողանայ բացայայտ ծառայել Եկեղեցւոյն՝ 1998-ին դառնալով Հրատեչ Քրալովէյի եպիսկոպոս, իսկ 2010 թուականին՝ Փրակայի արքեպիսկոպոս։

Ան ապա որպէս Չեխիայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ (2010–2020) մեծապէս նպաստեց Եկեղեցւոյ և հասարակութեան միջև երկխօսութեան և համայնավարական վարչակազմի կողմէ բռնագրաւուած եկեղեցական գոյքի վերադարձման։

2012 թուականին Պենետիկտոս ԺԶ անոր կը շնորհէ կարդինալի կոչումը որ անոր առիթ կու տայ մասնակցելու 2013 թուականին գումարուած «Քոնքլավին» Պապընտիր Ժողովին որուն առիթով Քահանայապետ կ՛ընտրուի հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Աստուածաբան և թարգմանիչ ըլլալով՝ Ան Երուսաղէմի Աստուածաշունչի չեխերէն թարգմանութեան հիմնական ջատագովներէն մէկը եղած է։ Վերջին տարիներուն ան շարունակեց Սուրբ Աթոռը ներկայացնել տարբեր դիւանագիտական առաքելութիւններու ընթացքին։

Հաւատքի և քաջութեան կերպար, Եւրոպայի սրտին մէջ կրօնական ազատութեան վկայ, ան խոր հետք թողուց ժամանակակից չեխական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2025, 14:01