Եկեղեցին կ՛ ունենայ երկու նոր երանելիներ եւ չորս Աստուծոյ ծառաներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն ու արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու երկու նոր երանելիներուն եւ չորս Աստուծոյ ծառաներուն վերաբերեող Սուրբերու դատի վերատեսչութեան հրամանագիրերը։
Երկու նոր երանելիները, Իտալացի քահանաներ են, որոնք նահատակուեցան Նազիներուն կողմէ 1944-ին Էմիլիա Ռոմանիա-ի մէջ։
Երկու երիտասարդ քահանաները սպաննուեցան հաւատքի ատելութեամբ եւ իրենց հաւատացեալներուն քով մնալու ընտրութեան համար Գերմանական հալածանքներուն ընթացքին։
Հայր Ուպալտօ Մարքիոնի (26 տարեկան): Սան Մարթինօ տի Քափրարա-ի ժողովրդապետութեան հաշուապահը։Ան դաժանօրէն սպաննուեցաւ Սանթա Մարիա Ասսունթա եկեղեցիին խորանին առջեւ, 29 Սեպտեմբեր 1944-ին, ուր փորձած էր կանայքն ու զաւակները պաշտպանել Նազիներէն։
Հայր Մարթինօ Քափէլլի(32 տարեկան): Տեհոնեանց միաբանութեան անդամ եւ Սան Միքէլէ տի Սալվարո-ի (Պոլոնիա) մատրանապետ։ Ան սպաննուեցաւ 1 Հոկտեմբեր 1944-ին Փիոփփէ տի Սալվարո-ի մէջ։ Ան ընտրեց մնալ բնակչութեան քով՝ օգնելու Քրէտա-ի ջարդին մէջ մահամերձերուն եւ մխիթարելու բանտարկեալները, թէեւ կարող էր փրկուիլ։
Չորս Նոր Աստուծոյ ծառաներ
Արքեպիսկոպոս Էնրիք Պարթոլեթի (1916-1976), Հայր Կասպարէ Կոճճի (1877-1908), Քոյր Մարիա Սուրբ Սիրտի Մարիա Կլովրէյ (1887-1957), Մարիա տէ Լուրտէս Կուարդա, (1926-1996)։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ