Վերջին հրաժեշտ Փրակայի երբեմնի Արքեպիսկոպոս հայասէր Կարդինալ Տուքային
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Հաւատքի մէջ կաղապարուած եւ Աւետարանի անվախ քարոզիչ Հովիւ»։ Այս խօսքերով է, որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը յիշած էր Փրակայի վաստակաւոր արքեպիսկոպոս` 82 տարեկանին մահացած Կարդինալ Տոմինիք Տուքան, անոր մահուան առիթով Փրակայի ներկայ Արքեպիսկոպոսին ուղղած իր ցաւակցական հեռագիրին մէջ, որուն մէջ ակնարկած էր նաեւ հանգուցեալ Ծիրանաւորի «հովուական խիտ գործունէութեան», յիշելով «անոր քաջութիւնը` հալածանքներու շրջանին, երբ ան ազատութենէն զրկուած, չի զլացաւ իր յարումը արտայայտելու Քրիստոսին ու Եկեղեցւոյ»։
Հօր սրտով հովիւ մը
«Հօր սրտով Ան առաջնորդեց Աստուծոյ ժողովուրդը, խթանելով հաշտութիւնը, կրօնի ազատութիւնը եւ հաւատքի ու ընկերութեան միջեւ երկխօսութիւնը» գրած էր Սրբազան Պապը հաստատելով թէ Ան «կը մնայ առաքելութեան ի սպաս նուիրումի տիպար մը»։
Ծիրանաւորը իր մահկանացուն կնքած էր անցեալ 4 նոյեմբերին, 82 տարեկանին եւ այսօր` 15 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11:00-ին կատարուեցաւ Անոր յուղարկաւորութիւնը, Փրակայի «Սան Վիթօ» Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Փրակայի Արքեպիսկոպոս Եան Կրոպների եւ մասնակցութեամբ Չեխիոյ հանրապետութեան մօտ Առաքելական Նուիրակ` Գերապ. Ժուտ Թատտէուս Օքոլոյի։
Ճշմարտութեան և ազատութեան համար պայքար մղող հոգեւորական
Յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին արտասանուեցան զանազան աղօթքներ մինչ խորանին նուիրուած ընծաները կատարեցին քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներուն ժամանակ անոր բանտարկութեան ընկերները։
Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Գերապ. Կրոպները Կարդինալ Տուքան ներկայացուց որպէս մէկ մը` որ պայքարեցաւ «ճշմարտութեան և ազատութեան համար», որ չէր վարանիր հռչակել ոչ ժողովրդական ճշմարտութիւններ՝ համաձայն Աւետարանի հոգիին։ Ան գիտեր նաեւ «ներողութիւն խնդրել, երբ տեղի կու տար վրդովմունքին՝ խոնարհութեամբն անոր, որ ի սիրտ ունի դատը եւ ոչ թէ կերպարը։
Տոմինիքեան Միաբան
Hradec Králové -ի մէջ 1943 թուականին ծնած Կարդինալ Տուքան, աւազանի անունով Եարոզլաւ, փոքր տարիքէն զգացած է համայնավարութեանհալածանքներու դաժան հետևանքները, որոնց թիրախը եղած է չեխոսլովակական բանակի սպայ անոր հայրը։
1968 թուականին ան գաղտնի կը միանայ Տոմինիքեան միաբանութեան, երկու տարի ետք կը ձեռնադրուի քահանայ, սակայն 1975-ին անոր հոգևոր ծառայութիւն մատուցելու թոյլտուութիւնը չեղեալ կը յայտարարուի, եւ ասոր հետեւանքով Ան մէկ տասնամեակէ աւելի կ՛ աշխատի որպէս բանուոր` Սքոտա ընկերութեան մէջ՝ միաժամանակ գաղտնի շարունակելով իր հոգևոր և կրթական գործունութիւնը։
հալածանք ու բանտարկութիւն
1981-ին մէկ տարիէ աւելի կը կալանաւորուի իր կրօնական գաղտնի գործունէութեան համար։ 1989-ին թաւշեայ յեղափոխութիւնէն յետոյ ան վերջապէս կը կարողանայ բացայայտ ծառայել Եկեղեցւոյն՝ 1998-ին դառնալով Հրատեչ Քրալովէյի եպիսկոպոս, իսկ 2010 թուականին՝ Փրակայի արքեպիսկոպոս։
Որպէս Չեխիայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ (2010–2020) մեծապէս նպաստեց Եկեղեցւոյ և հասարակութեան միջև երկխօսութեան և համայնավարական վարչակազմի կողմէ բռնագրաւուած եկեղեցական գոյքի վերադարձման։
Կարդինալական տիտղոը
2012 թուականին Պենետիկտոս ԺԶ անոր կը շնորհէ կարդինալի կոչումը որ անոր առիթ կու տայ մասնակցելու 2013 թուականին գումարուած «Քոնքլավին» Պապընտիր Ժողովին, որուն առիթով Քահանայապետ կ՛ընտրուի հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Աստուածաբան և թարգմանիչ ըլլալով՝ Ան Երուսաղէմի Աստուածաշունչի չեխերէն թարգմանութեան հիմնական ջատագովներէն մէկը եղած է։ Վերջին տարիներուն շարունակած է Սուրբ Աթոռը ներկայացնել տարբեր դիւանագիտական առաքելութիւններու ընթացքին։
Հայասէր Ծիրանաւորը
Կարդինալ Տուքան եղած է երկխօսութեան մարդ ու մեծ հայասէր մը եւ ճիշտ ասկէ մեկնելով է, որ այսօրուայ յուղարկաւորութեան արարողութեան մաս դարձաւ նափւ հայկական շարականի մը մեղեդին։
2020 թուականին, Կարդինալ Տուքան նամակ մը յղած էր Չեխիոյ Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպանին որուն մէջ իր խոր զօրակցութիւնը արտայայտած էր հայ ազգին, Արցախի ողբերգութեան ի տես, այդ դէպքերը նմանեցնելով Ի. դարու սկզբի կոտորածներուն։
Նոյն նամակին մէջ Ան դատապարտած էր միջազգային հասարակութեան անտարբերութեան կեցուածքը ու նաեւ նուաճուած տարածքներուն մէջ հին քրիստոնէական եկեղեցիներու պղծումը, այս մէկը համարելով կրօնական ազատութիւններու դէմ ծանր խախտում և արևմտեան քրիստոնէական քաղաքակրթութեան ճգնաժամի նշան։
«Այս փաստերու վերաբերեալ լռութիւնը մեզ՝ քրիստոնեաներս, կը մեղադրէ իրական զօրակցութեան բացակայութեան մէջ և մտահոգիչ հարց կը յառաջացնէ արևմտեան, այսինքն՝ քրիստոնէական քաղաքակրթութեան գոյութեան վերաբերեալ» հաստատած էր Ան միւս կողմէն հաւատք արտայայտով որ «Աստուած պիտի չլքէ իր զաւակները»։
«Մենք կ՛ապրինք տխուր դարաշրջանի մը մէջ, որ հիմնականին մէջ նուիրուած է անտեղի խնդիրներուն և կեղծ-զգացմունքներու ստեղծման, մինչդեռ իրական խնդիրները, ողբերգութիւնները կը մնան աննկատ կամ կը դառնան պարզապէս ամբարտաւան յայտարարութիւններու մաս», եղած էին Կարդինալ Տուքային խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ