Որոնել

80th United Nations General Assembly at U.N. headquarters in New York City

Սուրբ Աթոռի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու յիսուն ամեակին առիթով Գերապ. Կալլակէր մեկնած է Սրի Լանքա

Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերպ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր` 3էն 8 նոյեմբեր 2025-ին մեկնած է ասիական Երկիր ամրապնդելու համար միասնական յանձնառումը ի նպաստ խաղաղութեան ե համագործակցութեան։ Ան պիտի հանդիպի Երկրի Վարչապետին ու քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններուն հետ ու պիտի այցելէ 2019 Զատիկին յարձակումներու վայրերը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Երկուշաբթի` 3 նոյեմբերէն մինչեւ յառաջիկայ 8 նոյեմբեր Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր, Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը մեկնած է Սրի Լանքա։ Լուրը կը կարդանք Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնական «ԻՔՍ» հարթակին վրայ հրատարակուած տեղեկատւութեան մէջ ուր նշուած է ի միջի այլոց, որ Գերապ. Կալլակէրը 3 նոյեմբերին պիտի հանդիպի Երկրի Վարչապետ Տիկ. Հարինի Ամարասուրիայի հետ, հուսկ 4 նոյեմբերին նախագահ Անուրա Քումարա Տիսսանայաքէյի հետ ու արտգործ նախարար Վիժիթա Հերաթի հետ։

Գերապ. Կալլակէրը ապա իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սուրբ Աթոռի երկխօսութեան և խաղաղութեան հանդէպ հեռանկարին և յանձնառութեան նուիրուած համաժողովին, ինչպէս նաև` երկու Պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններու 50-ամեակի տօնակատարութեան։

5 նոյեմբերին Ան պիտի այցելէ 2019-ի Զատկուան օրը պատահած յարձակումներու վայր, ուր սպաննուեցան 250 անձինք, ապա պիտի մատուցէ Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ Քոլոմպոյի Սրբուհի Լուչիայի անուան աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիպելով նաեւ Սրի Լանքայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ։

Վեց նոյեմբերին նախատեսուած են այլ կրօնական իշխանութիւններու հետ հանդիպումներ ապա այց Պուտտիսթ մէկ տաճարին մինչ վերջին օրը Վատիկանի դիւանագէտը պիտի այցելէ Սրի Լանքայի Տիրամօր ազգային նորընծայարանը ու պիտի հանդիպի ժառանգաւորներու եւ ուսուցչական անձնակազմին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2025, 08:08