Աշխատանքի Աշխարհի Յոբելեանը, Հռոմի մէջ աւելի քան 10 հազար ուխտաւորներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ին, Յոյսի նուիրուած յոբելինական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, Հռոմի մէջ տեղի ունենայ Աշխատանքի Աշխարհի Յոբելեանը։
Սուրբ Տարուան այս միջոցառումին՝ որ նախատեսուած էր անցեալ Մայիսի առաջին օրերը եւ ապա յետաձգուած է Ֆրանչիսկոս Պապին մահուան պատճառով, պիտի մասնակցին մօտաւորապէս 10 հազար ուխտաւորներ, որոնք կը ներկայացնեն աշխատանքային եւ կամաւորական աշխարհի բոլոր միութիւններն ու դաշնակցութիւնները։
Միջոցառումի ծրագիրը կը նախատեսէ մասնակցութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին յոբելինական ընդհանուր ունկնդրութեան՝ Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ՝ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, որուն պիտի յաջորդէ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի Սուրբ Դուռէն անցումը։
Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբերին, հրապարակուած մամլոյ յայտարարութեան մը մէջ, Աւետարանումի վերատեսչութինը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ազգային Տնտեսական եւ Աշխատանքային Խորհուրդին Պապին հետ հանդիպումին մասնակցելու հրաւէրը յառաջ տանելուն համար»։
Մասնակից Պատուիրակութիւններ
Յոբելենական հանդիպումի պիտի մասնակցին բազմաթիւ պատուիրակութիւններ, ներառեալ՝ Իտալական կարմիր խաչը, Հաղորդակցութիւններուն Ազգային հիմնարկութիւնը, կենսաթոշակային հիմնադրամը եւ այլ կազմակերպութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ