Կարդինալ Կուճերոթթի. «Միայն անկեղծ երկխօսութիւնը կրնայ յոյսի ճամբայ բանալ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Խոր ուրախութիւն յայտնելով Պելառուսիոյ մէջ Վալոժինի Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Հենրիք Աքալոթովի եւ Ֆաթիմայի Սրբավայրին մէջ ծառայող հայր Անտրէյ Յուխնիեւիչ ազատ արձակման առթիւ, Պելառուսիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը յայտնեց իր «երախտագիտութիւնը բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են» դատական գործին յաջող աւարտին։
Քահանայապետի Պատուիրակը Պելառուսիոյ Մէջ
Պելառուսիոյ եպիսկոպոսները յատկապէս, սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեցին կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիին, որ այս տարուան Հոկտեմբեր ամսուն երկիրը այցելած էր իբրեւ Լեւոն ԺԴ. Պապին յատուկ Պատուիրակ։
Կարդինալ Կուճերոթթիի այցելութիւնը «դրական թափ մը տուաւ յաւելեալ յարաբերութիւններու–նշուած է յայտարարութեան մէջ,–որոնց կարեւոր արդիւնքներէն մէկը եղաւ Պելառուսիոյ Հանրապետութեան Նախագահին որոշումը՝ իբրեւ Քահանայապետին նկատմամբ գորովանքի եւ յարգանքի նշան, ներում շնորհել եւ ազատ արձակել երկու կաթողիկէ քահանաները, որոնք կը կրէին իրենց ազատազրկումի պատիժները»։
Էապէս կրօնական առաքելութիւն մը
«Ես Պելառուս գացի, - բացատրեց Արեւելեան Եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչը,– Քահանայապետին յանձնարարութեամբ, նախ եւ առաջ մասնակցելու Փինսքի թեմի Հարիւրամեակին տօնակատարութիւններուն։ Անիկա շատ գեղեցիկ փորձառութիւն մը եղաւ, որովհետեւ թոյլ տուաւ ինծի զգալու երկրին Կաթողիկէներուն հոգեւոր սիրտը։ Միւս շատ հետաքրքրական բանը,– կը շարունակէ կարդինալը,– եղաւ յարմարութիւնը՝ հանդիպելու նաեւ որոշ իշխանութեանց՝ միջազգային իրավիճակին մասին ազնուութեամբ խօսելու համար։ «Այս շրջանակին մէջ ես խնդրանքներ ներկայացուցի, որոնք ուշադրութիւն ստացան, եւ մենք կը զգանք, թէ պարտական ենք շնորհակալութիւն յայտնելու երկու քահանաներուն այս ազատագրման համար։ Կը յուսանք, թէ կրնանք առաջ երթալ ուրիշ իրագործումներով։ Այս պահուն, ամէնէն շատ մտահոգող բանը Եւրոպական Միութեան սահմաններուն վրայ կը զգացուի չափազանց բարձր լարումն է, որ որոշ կերպով շատ վտանգաւոր պատրոյգ մը կը ներկայացնէ»։
Յաղթահարել Անցեալի Վէրքերը
Խօսելով Ռումանիա կատարած իր ճամբորդութեան մասին՝ Պլաժի տաճարին մէջ կատարուած Յոյն կաթողիկէ Աւագ Արքեպիսկոպոսին գահակալութեան առիթով, Արեւելեան Եկեղեցիներու վերատեսուչը շեշտեց այն ուղիները գտնելու կարեւորութիւնը, որոնք կը տանին դէպի ժամանակակից պատմութեան ամենացաւալի պահերը յաղթահարելուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ