Որոնել

Կարդինալ Փարոլին . Միջին Արեւելքին մէջ Պապը պիտի ըլլայ համերաշխութեան, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւոր։

Թուրքիան ու Լիբանանը կը սպասեն Լեւոն ԺԴ-ին։ Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին վերահաստատեց ուղեւորութեան կեդրոնական դերը՝ համամիութենականութեան եւ միջ կրօնականութեան շրջագիծէն ներս եւ իբրեւ յոյսի ու խաղաղութեան նշան։ Հիմնական է – շեշտեց ծիրանաւորը – Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դերը հասարակական, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական կեանքին մէջ։ Մենք կ’ուզենք, որ անոնք կարենան մնալ իրենց հողին վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին ներկայացուց Լեւոն ԺԴ Պապին առաջին միջազգային առաքելական ճամբորդութեան կեդրոնականութիւնը եւ նշանակութիւնը, որ զինք պիտի տանի Թուրքիա եւ Լիբանան։ Կաթողիկէ համայնքներուն կողմէ անչափ սպասուած այս իրադարձութիւնը կ՚ընթանայ «Մէկ Տէր, մէկ հաւատք, մէկ մկրտութիւն» եւ «Երանի խաղաղարարներուն» նշանաբաններով, ընդգծելով միութիւնն ու եղբայրութիւնը հակամարտութիւններով ծանրաբեռնուած Միջին Արեւելքի մը մէջ։

Նախորդներու շուքին տակ. Հաստատել Հաւատքը եւ Բերել Խաղաղութիւն

Կարդինալ Փարոլին բացատրեց, թէ Սուրբ Պետրոսի Յաջորդը, առնելով ուխտաւորի ցուպը՝ Պօղոս Զ.-ի, Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի, Պենետիկտոս ԺԶ.-ի եւ Ֆրանչիսկոս Պապի շուքին ներքեւ, Միջին Արեւելք կ՚երթայ Պետրոսեան առաքելութեան երկու գլխաւոր նպատակներով. հաստատել քրիստոնեայ համայնքները հաւատքի մէջ եւ ըլլալ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ երկխօսութեան պատգամաւոր ժողովուրդներուն եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն համար։ Ճամբորդութիւնը «դուրս գացող Եկեղեցի»-ի արտայայտութիւնն է, որ ներկայ կ՝ըլլայ աշխարհի բոլոր իրականութիւններուն։

Թուրքիա. Երկխօսութիւն Իսլամութեան Հետ

Թուրքիա ճամբորդութիւնը կարեւոր է համամիութենական ծաւալին։ Կարդինալը շեշտեց, որ այցելութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ Նիկիոյ Ժողովէն (325 թ.) յետոյ 1700-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը, որ հիմքը դրաւ քրիստոնէական հաւատքին՝ Յիսուս Քրիստոսի լիակատար աստուածութեան եւ մարդկութեան մասին։ Այս տարեդարձը, Քրիստոնէութեան օրրանը համարուող երկրի մը մէջ, կը վերահաստատէ քրիստոսաբանական կեդրոնականութիւնը բոլոր հաւատացեալներուն համար, թէեւ՝ գոյութիւն ունեցող բոլոր բաժանումներուն։

Միեւնոյն ատեն, Կապոյտ Մզկիթ այցելութիւնը կ՚ընդգծէ միջ-կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս մոլեռանդութեամբ նշուած ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Փարոլին մէջբերեց Լեւոն Պապէն խօսք մը՝ ըսելով, թէ «աղօթողը չի զիջիր ծայրայեղականութեան», ընդգծելով որ Կապոյտ Մզկիթ այցելութեան ժեսթը հրաւէր է՝ ուժեղացնելու քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներուն միջեւ համագործակցութիւնը աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհի մը համար, որ համահունչ է Nostra Aetate-ի փաստատուղթին տարեդարձին։

Լիբանան. Յոյս ճգնաժամին դէմ

Լիբանանին համար, Պապին պատգամը պիտի ըլլայ գլխաւորապէս յոյսի, քաջալերանքի եւ մերձեցումի։Թէեւ բարեփոխումներուն քայլերուն յառաջդիմութիւններու եւ նախագահի ընտրութեան, մայրիներու Երկիրը կը շարունակէ դիմագրաւել դժուարութիւններ, որոնք կրնան յուսախաբ ընել բնակչութեան սպասումները։

Սուրբ Աթոռը Լիբանանը կը նկատէ «պատգամ մը՝ աւելի քան երկիր մը» իր խաղաղ միջ- կրօնական համակեցութեան համար եւ կը շարունակէ անոր զօրաւիգ կանգնիլ։ Այցելութեան ամենայուզիչ պահերէն մէկը պիտի ըլլայ «լուռ աղօթքը» Պէյրութին նաւահանգիստին մէջ, որպէս յիշատակ հինգ տարի առաջ տեղի ունեցած պայթիւնին երկու հրաւիւրէ աւելի զոհերուն։

Քրիստոնեաներու կարեւոր նպաստը

Խօսքը կեդրոնացնելով Միջին Արեւելքին վրայ, Կարդինալ Փարոլին արտայայտեց Սուրբ Աթոռին մեծ մտահոգութիւնը տարածաշրջանէն քրիստոնեաներու շարունակական նուազումին համար։ Քրիստոնեաները միշտ ունեցած են հիմնական եւ մեծ արժէքի նպաստ ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական կեանքին մէջ։

«Մենք կ՚ուզենք որ քրիստոնեաները կարենան մնալ Միջին Արեւելքի մէջ», ըսաւ կարդինալը, ընդգծելով թէ անոնց չափաւորութեան դերը եւ կողմերու միջեւ հանդիպումը խթանելու աշխատանքը կենսական են տեղական հասարակութիւններուն ապագային համար։

Դիւանագիտական Հեռանկար

Եզրափակելով հարցազրոյցը Կարդինալ Փարոլին առաքելական ճամբորդութիւնները բաղդատեց «ցանելու» գործընթացին, որ Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ կատարել համաշխարհային դժուարին միջավայրին մը մէջ։ Վատիկանի դիւանագիտութեան դերն է մշտապէս յայտարարել հանդիպումի եւ ոչ թէ բախումի թեման, խթանելով ընդհանուր բարիքը։ Յոյսը այն է, որ Պապին անընդհատ կրկնուող խաղաղութեան պատգամը կրնայ նոր իրականութիւններ ծնիլ, ուր ժողովուրդները կրնան իրար հասկնալ եւ ապրիլ խաղաղութեամբ ու համերաշխութեամբ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2025, 08:14