Որոնել

Հայր Էտվար Տանիանկ Տալէնկ Հայր Էտվար Տանիանկ Տալէնկ 

Լեւոն ԺԴ. Պապը Հայր Էտվար Տանիանկ Տալէնկը անուանեց Քահանայապետական Տան փոխ հոգաբարձու

Լեւոն ԺԴ. Պապը քահանայապետական Տան փոխ հոգաբարձու նշանակեց Հայր Էտվար Տանիանկ Տալէնկը (Ակոսթինեան Միաբանութեան),

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը քահանայապետական Տան փոխ հոգաբարձու նշանակեց Հայր Էտվար Տանիանկ Տալէնկը (Ակոսթինեան Միաբանութեան), որ նախապէս Ակոսթինեան Միաբանութեան Ընդհանուր խորհրդատու եւ փոխանորդ էր։

Հայր Էտվար Տանիանկ Տալէնկը ծնած է 4 Ապրիլ 1977-ին, Նիժերիոյ Փլաթոյ Նահանգի Քուալլա քաղաքի Եիթլաար գիւղը։ Ակոսթինեան Միաբանութեան մէջ իր առաջին ուխտը կատարած է 9 Նոյեմբեր 2001-ին, իսկ մշտնջենական ուխտերը՝ 13 Նոյեմբեր 2004-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 10 Սեպտեմբեր 2005-ին։ 2012-ին Ալֆոնսեան Ակադեմիայէն ստացած է բարոյագիտական Աստուածաբանութեան տոկթորի կոչումը։ Նախապէս եղած է Ակոսթինեան Միաբանութեան ընդհանուր խորհրդատու եւ փոխանորդ։

Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետ ընտրուելէ մի քանի մը օր ետք, Հայր Տալէնկը կը պատմէր Փրեւոսթի Ափրիկէի հետ ունեցած յատուկ կապին մասին։ «Ափրիկէն իր սրտին մէջ է», կ'ըսէր Հայր Տալէնկը։ «Ան քանի մը անգամ այցելած է մեր բոլոր ափրիկեան առաքելութիւնները, եւ եկած է իմ երկիրս՝ Նիժերիա, առնուազն տասը առիթներով, ներառեալ 2016 թուականին, երբ առաջին անգամ նշեցինք միջանկեալ ընդհանուր ժողովը»։ «Իմ երկրիս հանդէպ իր ցուցաբերած կարեւորութիւնը հասկնալու համար», կը պատմէր կրօնականը, «բաւ է յիշել, որ ան ընդհանուր մեծաւոր դարձաւ իր 46-րդ ծննդեան օրը՝ Սեպտեմբեր 14-ին, նոյեմբեր ամսուն արդէն մեր հետն էր Նիժերիա

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2025, 12:59