«Յովհաննէս Պօղոս Ա.» Վերականգնման կեդրոնի բացումը Հռոմի մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Նոյեմբեր 11-ին բացումը կատարեց եւ օրհնեց Հռոմի հարաւ-արեւելքի Լա Ռոմանինա թաղամասին մէջ գտնուող «Յովհաննէս Պօղոս Ա.» նոր Վերականգնման Կեդրոնին ։ Կարդինալ Փարոլինը, որ նաեւ Վատիկանի Յովհաննէս Պօղոս Ա. Հիմնադրամի նախագահն է քաջալերեց աշխատակազմը, որ ոգեշնչուի Քահանայապետ Լուչիանիի «մեծ սիրով» եւ «ժպիտով» ու ընդգծեց հիւանդները «ընդունելու, լսելու եւ ընկերակցելու» կարեւորութիւնը նոյն բարեսիրական ոգիով։
«Անոր անունը միայն տախտակի վրայ դնելով չի բաւեր, պէտք է անոր վարուելակերպէն եւ յատկապէս անոր մեծ գթասրտութենէն ներշնչուինք» ըսաւ ծիրանաւորը
Մեկնաբանելով մանուկի մը կողմէ ընթերցուած Աւետարանէն հատուածը, ծիրանաւորը հրաւիրեց «բոլոր անոնք, որոնք պիտի գործեն այս Կեդրոնին մէջ, որպէսզի անընդհատ ոգեշնչուին այս մեծ Պապին կերպարէն, որ անջնջելի հետք մը ձգեց Եկեղեցիի պատմութեան մէջ, չնայած իր կարճատեւ Քահանայաետութեան»։
Լուչիանի Պապին մասունքի նուիրումը։
Օրհնութեան աւարտին, Սրբադասման Դատի Փոսթուլադրիչէ Ստեֆանիա Ֆալասքան Կարդինալ Փարոլինի հետ միասին, Վերականգնման Կեդրոնին նուիրեցին Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Ա.-ի հագուստէն մասունք մը։ «Մասունքը, բացատրեց խնդրարկու, մաս մըն էր գիշերազգեստին որ կրած էր Յովհաննէս Պօղոս Ա.- իր կարճատեւ քահանայապետութեան շրջանին։
Մասունքը յանձնուեցաւ պատասխանատու քահանային, որ պիտի պահէ զայն, պաշտամունքի համար, յատուկ տուփի մը մէջ՝ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Ա.-ի անունով կոչուած Կեդրոնին մէջ։
Կառոյցը, որ կը ղեկավարուի Medihospes ընկերային հաստատութեան կողմէ, պիտի մատուցէ բարձր մասնագիտացուած բժշկական ծառայութիւններ երեխաներու եւ մեծերու համար, որոնք կը տառապին՝ Ճանաչողական եւ վարքագծային ոլորտի խանգարումներէն։
Այս անուանումը ընտրուած է, քանի որ «Լա Քաշինա» պատմութիւնը սկսած է 1978 թուականին՝ այն ատեն երբ կարդինալ Ալպինօ Լուչիանիի նշանակալից նուիրատուութեան շնորհեց իբրեւ համերաշխութեան նշան՝ իրենց ընկերային գործունէութեան համար։»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ