Կարդինալ Փարոլին. Մանուկներուն արժանապատուութիւնը պաշտպանելը՝ Արհեստական բանականութեան դարուն, մարդկութեան ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկն է։»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Արդեօ՞ ք մենք նոր դարաշրջանի մը շեմին վրայ ենք, թէ՞ մարդիկ կանուխ կամ ուշ, իրենց իսկ ոչնչացումը պիտի պատճառեն արհեստական կեանքի ձեւերու ներմուծման միջոցով։ Արդեօք մենք պիտի այլասերինք դառնալով պարզ կեղծումներ, որոնք այլեւս չեն ճանչնար մարդկային արժանապատուութիւնը»։
Այս է կարեւոր հարցում մը եւ միաժամանակ տագնապալի յորդոր մը, նաեւ մտածելու մղում մը, այն հարցը, որ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին կը դնէ «Արհեստական Բանականութեան դարաշրջանին մէջ Մանուկներու եւ Պատանիներու Արժանապատուութիւնը» խորագրով միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն առջեւ։ Այս հանդիպումը, որ կը կազմակերպուի «Ազուր Հեռախօս»-ի եւ Մանուկին Ուսումնասիրութեան Եւ Հետազօտութեան Հիմնադրամի կողմէ, տեղի կ'ունենայ այսօր՝ Նոյեմբեր 12ին, Քանչելերիայի Պալատին մէջ եւ կը համախմբէ ակադեմական աշխարհի, հաստատութիւններու, գիտութեան եւ արհեստավարժութեան հեղինակաւոր ձայներ՝ ուսումնասիրելու համար Արհեստական Բանականութեան բարոյագիտական, իրաւական, ընկերային եւ մարդաբանական հետեւանքները։
Գոյութենական եւ բարոյական Հարցեր
Կարեւոր նիւթ մը, կը գրէ կարդինալը պատգամի մը մէջ մանաւանդ, որ կապուած է մանուկներու պաշտպանութեան եւ արժանապատուութեան հարցին հետ. «Ամէնամեծ մարտահրաւէրներէն մէկը, որուն մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ այսօր եւ ապագային»։ Կարդինալը կը նայի գիտութեան եւ արհեստագիտութեան ընձեռած «հնարաւորութիւններուն», որոնք անխուսափելիօրէն կը տանին դէպի մարդկային ազատութեան եւ պատասխանատուութեան աճ։ Այս արագ զարգացումներուն, յատկապէս Արհեստական Բանականութեան ոլորտին մէջ կը յաջորդեն «գոյութենական եւ բարոյական հարցեր այնպիսի մակարդակի վրայ, որոնք յազուադէպ տեսնուած են նախապէս»։
Այս պատճառով ծիրանաւորը կը քաջալերէ «թուայնացեալ դարաշրջանի հնարաւորութիւններն ու վտանգները գնահատել՝ ի շահ մարդկանց, մարդկային համայնքին եւ ընդհանուր Արարածին», կը գրէ Պետական Քարտուղարը։ «Ան նաեւ օգտակար է՝ համապատասխան հետեւութիւններ քաղելու համար, գործնական գործողութիւններու համար, օրինակ՝ քաղաքականութեան, օրէնսդրութեան, կրթութեան եւ աջակցող ընկերային ծառայութիւններու նախագծման ոլորտներուն մէջ»։
Այս բոլորը «կրնայ տեղի ունենալ միայն միջառարկայական եւ միջմշակութային ջանքերով, եթէ կ՛ուզենք արդարութիւն հաստատել հարցին բարդութեան եւ մարդկային իրականութիւններուն բազմազանութեան մէջ», կը յայտարարէ Կարդինալ Փարոլինը։ Եւ կ՛եզրակացնէ՝ մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը, որոնք յայտարարուեցան 2017 թուին Քահանայապետական Գրիգորեան Համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Երեխաներու արժանապատուութիւնը թուայնացեալ աշխարհին մէջ» Խորհրդաժողովի առթիւ. «Մարդկային ազատութիւնը կարող է սահմանափակել գիտարուեստը, վերայղղել զայն եւ դնել այլ տեսակի, աւելի առողջ, աւելի մարդկային, աւելի ընկերային ու աւելի ամբողջական առաջդիմութեան ծառայութեան տակ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ