Որոնել

Կարդինալ Փարոլինի պատարագը Հոլոտոմորի յիշատակութեան առիթով Կարդինալ Փարոլինի պատարագը Հոլոտոմորի յիշատակութեան առիթով 

Ուքրանիա, Փարոլին. «Աստուծոյ առջեւ անարգանք է քաղաքացիները թողուլ մթութեան և ցուրտի մէջ

Արարողութեան շրջագիծէն ներս Կարդինալ Փարոլինը մեկնաբանեց ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփի կողմէ առաջարկուած 28 կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան ծրագիրը. նախաձեռնութիւն, որ, թէև բարդ է, կարող է նոր ուղիներ բանալ երկխօսութեան համար: Կարդինալը կոչ ըրաւ Եւրոպային գործնական դերակատարութիւն ունենալ և վերահաստատեց, որ ցանկացած խաղաղութիւն կպահանջէ կողմերու միջև համատեղ փոխզիջումներ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի Սանդ Անտրէա Տէլլա Վալլէ պազիլիքային մէջ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը գլխաւորեց «Հոլոտոմորի» զոհերուն նուիրուած հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագը ի ներկայութեան աւելի քան յիսուն դեսպաններու։

Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Ծիրանաւորը վճռակամ դատապարտեց ռուսական յարձակումները ուքրանական ելեկտրականութեան ենթակառուցուածքներու վրայ՝ «մարդկութեան վիրաւորանք և Աստծոյ անարգանք» որակելով այն գործողութիւնները, որոնք քաղաքացիական բնակչութիւնը կը զրկեն արժանապատիւ կեանքի մը հնարաւորութիւնէն։ Ան նաեւ ակնարկեց Լևոն ԺԴ Պապին կոչը՝ ի նպաստ անյապաղ հրադադարի և երկխօսութիւն սկսելու վերաբերեալ։

Արարողութեան շրջագիծէն ներս Կարդինալ Փարոլինը մեկնաբանեց ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփի կողմէ առաջարկուած 28 կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան ծրագիրը. նախաձեռնութիւն, որ, թէև բարդ է, կարող է նոր ուղիներ բանալ երկխօսութեան համար:

Ծիրանաւորը կոչ ըրաւ Եւրոպային գործնական դերակատարութիւն ունենալու և վերահաստատեց, որ ցանկացած խաղաղութիւն կը պահանջէ կողմերու միջև համատեղ փոխզիջումներ:

Պետական Քարտուղարը ապա յիշեցուց Սուրբ Աթոռին շարունակական յանձնառումը բանտարկեալներու փոխանակումին ու անչափահասներու տունդարձի գործողութիւնները իրականացնելու մէջ։

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը հուսկ վերյիշեց Հոլոմոտորի ողբերգութիւնը, որ պտուղն է «ատելութեան, անարդարութեան եւ իշխանութեան չարաշահումի» հրաւիրելով յարատեւել աղօթքի ու յոյսի մէջ որպէսզի «Ուքրանիոյ համար շուտով կարողանայ ծագիլ խաղաղութեան արշալոյսը»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2025, 08:00