Որոնել

Սէուլի ԵՀՕ նշանաբանը Սէուլի ԵՀՕ նշանաբանը   (Dicastero per i laici, la famiglia e la vita)

ԵՀՕ Սէուլ 2027-ի աղօթքը. կոչ Աւետարանի քաջութեան

Աղօթքը նպատակ ունի ընկերանալու աշխարհի տարբեր ծայրերէն բոլոր երիտասարդներուն, իրենց դէպի Սրբազան Պապին հետ հանդիպումի ուղեւորութեան մէջ, հրաւիրելով զանոնք ապրելու Աւետարանը յոյսով և համարձակութեամբ՝ մեր այս խոր մարտահրաւէրներով լի ժամանակաշրջանին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր տօնին օրը, տարածուեցաւ 2027-ի 3էն 8 օգոստոսին Սէուլի մէջ նշուելիք Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան պաշտօնական աղօթքը, որ ներշնչուած է Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած Յիսուսի խօսքերուն`«Քաջ եղէք. Ես յաղթեցի աշխարհին»։

Աղօթքը նպատակ ունի ընկերանալու աշխարհի տարբեր ծայրերէն բոլոր երիտասարդներուն, իրենց դէպի Սրբազան Պապին հետ հանդիպումի ուղեւորութեան մէջ, հրաւիրելով զանոնք ապրելու Աւետարանը յոյսով և համարձակութեամբ՝ մեր այս խոր մարտահրաւէրներով լի ժամանակաշրջանին մէջ։

Բնագիրը կառուցուած է հինգ հիմնական թեմաներու շուրջ՝ երախտագիտութիւն Աստուծոյ սիրոյ ընդհանուր կոչումին համար, վստահութիւն Հօր, որ մեզ կը հաւաքէ հաղորդութեան մէջ, Քրիստոսի յաղթանակը, որ քաջութիւն կու տայ և կը հրաւիրէ մեզ ինքնազոհաբերութեան, հայց Սուրբ Հոգիին՝ Քորէական եկեղեցւոյ հաւատքի և նահատակութեան կենդանի յիշատակը, և յանձնառում քալելու որպէս սինոդալ եկեղեցի ունկնդրութեան եւ զատորոշումի մէջ։

Աղօթքը կ՛ աւարտի հայցելով Քորէայի պաշտպան Սուրբ` Սուրբ Կոյս Մարիամին և ԵՀՕ պաշտպան սուրբերուն բարեխօսութիւնը։

Աղօթքը ծնունդ արաւ ունկնդրութեան ուղեւորութենէ մը, որ ներգրաւեց 77 մասնակիցներ, որոնց շարքին երիտասարդներ, կրօնականներ, քահանաներ և տարբեր մշակոյթներէ կամաւորներ:

Քորէայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէն վերատեսումէն ետքը աղօթքը վերջնական հաստատումը ստացաւ Աշխարհականներու, ընտանիքի և կեանքի Վերատսեչութեան կողմէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2025, 08:00