Որոնել

2025.05.28 SCHOLAS - ENCUENTRO - SENTIDO - AULA SINODO

Արհեստական բանականութիւնը՝ Ամպիոններու Միջազգային Ժ․ Համագումարի նիւթ

Նոյեմբեր 17էն 19ը «Scholas Occurrentes»ը Հռոմի Ուրպանիանա Քահանայապետական համալսարանէն ներս կը կազմակերպէ Ամպիոններու Միջազգային Ժ․ Համագումարը՝ «Intelligence Without Meaning or the Meaning of Artificial Intelligence» բնաբանով: Միջոցառման ընթացքին պիտի գործարկուի «Scholas Global» յաւելուածը, իսկ փակման արարողութիւնը պիտի կայանայ Իտալիոյ Խորհրդարանի մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր, երբ արհեստական ​​բանականութիւնը կը վերիմաստաւորէ կրթութիւնը եւ երիտասարդներու եւ արհեստագիտութիւններու միջեւ փոխյարաբերութիւնները, «Scholas Occurrentes»ը Հռոմի Ուրպանիանա Քահանայապետական Համալսարանին մէջ, Նոյեմբեր 17էն 19ը,  կը կազմակերպէ Ամպիոններու Միջազգային Ժ․ Համագումարը՝ «Intelligence Without Meaning or the Meaning of Artificial Intelligence - Իմաստազուրկ բանականութիւն կամ արհեստական ​​բանականութեան իմաստը» բնաբանով։


«Ինչպէ՞ս կրթել իմաստի ըմբռնումը աշխարհի մը մէջ, որտեղ արհեստական ​​բանականութիւնն աւելի արագ կը զարգանայ, քան մեր կողմէ զայն հասկնալու կարողութիւնը»։ Այս հարցադրումը առանցքը կը կազմէ 5 ցամաքամասերէն ու աւելի քան 50 համալսարաններէն՝ 150 գիտնականներու, կառավարութիւններու ներկայացուցիչներու եւ կրօնական առաջնորդներու քննարկումներուն։

Մասնակիցները պիտի օգտագործեն ակադեմիական փորձը ու հետազօտութիւնները՝ աջակցելու երիտասարդներուն արհեստագիտական մարտահրաւէրներուն դիմակայելու հարցին մէջ։ Համագումարի ծիրէն ներս պիտի գործարկուի «Scholas Global» առաջին ընդհանրական ալկորիթմական յաւելուածը, ուր պիտի ներառուին բոլոր եզրակացութիւնները։

Համաժողովի փակումը՝ Իտալիոյ Խորհրդարանի մէջ

Փակման արարողութիւնը նախատեսուած է Իտալիոյ Խորհրդարանի մէջ, ուր պիտի կայանայ «Արհեստական ​​բանականութիւն եւ կրօններ» յատուկ նիստը։

Ամփոփիչ միջոցառումներու ծիրէն ներս պիտի յայտարարուի համաշխարհային առաջնորդներու վերապատրաստման նոր միջազգային նախաձեռնութիւնը։

«Մեր ժամանակներու մարտահրաւէրը թուային արհեստագիտական անցման եւ արհեստական​​բանականութեան կառավարումն է։ (…) Նմանատիպ միջամտութիւնները եւ միջոցառումները կը միաւորեն կառավարութիւնը, ակադեմիական աշխարհը, տարբեր մասնագէտները՝ միասին փոխանակուելու եւ մարդոց ծառայեցնելու արհեստագիտական նորարարութեան եւ արհեստական ​​բանականութեան հայող գիտելիքները», նշած է Իտալիոյ Աշխատանքի եւ ընկերային քաղաքականութեան փոխնախարար Մարիա Թերեզա Պելլուչին՝ բացատրելով, որ Կառավարութեան արհեստական ​​բանականության մասին յատուկ օրէնքի հաստատումէն ետք ձեռնամուխ պիտի ըլլան ապահովելու հիմնարար արժէքներն ու մարդու իրաւունքները։

Նշենք թէ՝ «Scholas Occurrentes»ը ստեղծուած է Ֆրանչիսկոս Պապի կողմ է․ որպէս Քահանայապետական իրաւասութեամբ հիմնադրամ ծնունդ առած է 15 օգոստոս 2015ին՝, իսկ որպէս Միջազգային կրթական շարժում՝ 19 մարտ 2022 թուականին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2025, 10:30