Սիւնհոդոս. Հրապարակուեցան ուսումնասիրական խումբերու միջանկեալ զեկոյցները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Նոյեմբեր 17–ին, հրապարակուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հիմնուած Տասը Ուսումնասիրական Խումբերու Միջանկեալ Զեկոյցները, որոնք նպատակ ունէին խորացնելու սիւնհոդսի նուիրուած Սինոդի Ժողովէն բխած նիւթերը, 31 Դեկտեմբեր 2025–ին աւարտող երկարաժամկէտով։
Այս խումբերը, որոնք կազմուած են հոգեւորականներէ, աշխարհականներէ եւ փորձագէտներէ աշխարհի չորս կողմէն, կը քննարկեն թեմաներ՝ թուային առաքելութիւնը, կիներու դերը, համամիութիւնը, ծէսը, բազմակնութիւնը, Եպիսկոպոսներու ընտրութիւնը, Արեւելեան Եկեղեցիներուն հետ յարաբերութիւնները, վիճայարոյց դաւանաբանական հարցեր, կիներու մասնակցութիւնը եւ Առաքելական նուիրակներուն դերը, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասերու կանոնագիրքը։
Անակնկալ պատճառներով, ներառեալ Ֆրանչիսկոս Պապին մահը եւ Լէոն ԺԴ–ի ընտրութիւնը, զեկոյցներու յանձնումի ժամկէտը երկարաձգուեցաւ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2025։ Զեկոյցները կը ներկայացնեն վերլուծութիւններ եւ առաջարկներ տարբեր նիւթերու շուրջ՝ Արեւելեան եւ Լատին Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութենէն մինչեւ թուային առաքելութեան եւ անչափահասներու պաշտպանութեան մարտահրաւէրները, կիներու մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ, քահանայական կազմաւորման կանոններու վերանայումը, Եպիսկոպոսներու եւ Առաքելական նուիրակներուն դերը, եւ յառաջացող բարոյական ու հովուական հարցեր։ Աւելին, կը քննարկուին այնպիսի նիւթեր, ինչպէս՝ բազմակնութիւնը Ափրիկէի մէջ եւ համամիութենական ճանապարհը։
Աշխատանքը կը շարունակուի խորհրդակցութիւններով, հանդիպումներով եւ վերլուծութիւններով, որոնց նպատակն է գործնական ուղեցոյցներ մշակել եւ թարմացնել եկեղեցական կանոնները, համատեղ ճանապարհով մը, որ կը ձգտի ամրապնդել Եկեղեցւոյ սինոդականութիւնը, միութիւնը եւ առաքելականութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ