Վատիկանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Մսուրներու Ցուցահանդէսին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի` 8 դեկտեմբերի կէսօրէն ետք ժամը չորսին Աւետարանութեան Վերատսեչութեան համա-վերատեսուչը եւ Յոբելենական տարուան կազմակերպութեան պատասխանատու` Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլա բացումը կատարեց Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակի Պերնինիի կամարներուն տակ կազմակերպուած «100 մսուրներ Վատիկանի մէջ» ցուցահանդէսին։
Ցուցահանդէսին կը ցուցադրուին Եւրոպայի եւ աշխարհի տարբեր 23 երկիրներէ բերուած հարիւր երեսունէ աւելի մսուրներ, որոնք Սուրբ Ծնունդը կը ներկայացնեն տարբեր մեկնաբանութիւններով, պատրաստուած զանազան նիւթերով (թուղթ, մետաքս, խեժ, բուրդ, կոկոսի եւ բանանի թելեր, ապակի եւ այլն)։
Ցուցահանդէսը` որ կը կազմակերպուի ութերորդ անգամուան համար բաց պիտի մնայ մինչեւ 8 Յունուար 2026, առիթ տալով բոլոր հաւատացեալներուն, ուխտաւորներուն եւ զբօսաշրջիկներուն վայելելու մասնագէտ վարպետներու ձեռագործերը։ Ամէն օր կարելի է ցուցահանդէսը այցելել ժամը 10:00-էն մինչեւ 19:00։ Մուտքը ազատ եւ անվճար է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ