Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Ծնունդը Սիքստինեան մատրան մէջ. Կարդինալ Փարոլինի կոչը երեսփոխաններուն՝ «Ներքին վերափոխման» Համար

Մաուրիցիօ Լուփիի կողմէ կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած են շուրջ 400 խորհրդարանականներ եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը քաղաքական գործիչներուն կոչ ուղղած է վերագտնելու էականը եւ հաւատքի միջոցաւ դառնալու խաղաղութեան ջատագովներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սիքստինեան Մատրան մէջ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հանդիպում մը ունեցած է շուրջ 400 իտալացի կաթողիկէ երեսփոխաններու, անոնց աշխատակիցներուն եւ ընտանիքներուն հետ՝ Սուրբ Ծննդեան աւանդական բարեմաղթութիւններու փոխանակման առիթով։

Այս ձեռնարկը, որ արդէն երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի Մաուրիցիօ Լուփիի («Noi Moderati» կուսակցութիւն) կողմէ, վայելած է Ծերակոյտի նախագահ Ինեացիօ Լա Ռուսայի եւ Երեսփոխանական Ժողովի նախագահ Լորենցօ Ֆոնթանայի մասնակցութիւնը։ Հանդիպումը ընթացած է հոգեւոր խորհրդածութեան եւ ներկայ պատմական ժամանակաշրջանի խոր վերլուծութեան մթնոլորտի մը մէջ։

Սուրբ Ծննդեան Էութիւնը՝ ընդդէմ ապառողականութեան

Պետական Քարտուղարը իր խօսքը սկսած է՝ մէջբերելով խորհրդապաշտ Անժելուս Սիլեզիուսը. «Եթէ Քրիստոս հազար ու տասը հազար անգամ Բեթղեհէմի մէջ ծնի, քեզի ոչ մէկ օգուտ կ’ընէ, եթէ գոնէ մէկ անգամ քու սրտիդ մէջ չծնի»: Ասիկա յստակ ազդարարութիւն մըն է՝ յաղթահարելու «սպառողական շեղումները» եւ վերադառնալու տօնին իրական իմաստին:

Կարդինալը շեշտած է, որ Սուրբ Ծնունդը պարզ պատմական յիշատակում մը չէ, այլ «ներկայի հրաւէր»՝ տեղ բանալու լռութեան եւ հասկնալու համար այն, ինչ որ արդարեւ էական է թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հասարակական կեանքին մէջ:

Քրիստոսի կարիքը՝ տագնապող աշխարհի մը մէջ

Յիշատակելով այն ժամանակուան Կարդինալ Մոնթինիի (ապագայ Պօղոս Զ. Պապը) 1955-ի հովուական նամակը, կարդինալ Փարոլին վերահաստատած է Քրիստոսի ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը հանրային եւ հաւաքական ոլորտներուն մէջ։ «Պատերազմի հովերով» յատկանշուող միջազգային ներկայ կացութեան դիմաց, ծիրանաւորը զգուշացուցած է միայն մարդկային հանճարին վրայ չափազանց յոյս դնելէ.

«Թերեւս կը կարծենք, թէ մեր միջոցներով ու կարողութիւններով կրնանք լուծել բոլոր խնդիրները, բայց փորձառութիւնը մեզի հակառակը կ’ըսէ։ Մենք կարիքն ունինք ներքին վերափոխման, որ թոյլ կու տայ մեզի վերագտնել եղբայրութեան դրդապատճառները եւ խաղաղութեան գերագոյն բարիքը»։


Պետական Հաստատութիւններու ձայնը. Խաղաղութիւն եւ տկարութիւնը

Խորհրդարանի երկու պալատներու նախագահները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են Սուրբ Աթոռին։ Ինեացիօ Լա Ռուսա դրուատած է Վատիկանի դիւանագիտական աշխատանքը՝ որպէս «խաղաղութեան հաւատալու հիմնական ուղին», մինչդեռ Լորենցօ Ֆոնթանա ընդգծած է այն մշակութային հարստութիւնը, որ քրիստոնէութիւնը բերած է արեւմտեան քաղաքակրթութեան։

Ֆոնթանա նաեւ իր գործընկերներուն անունով անձնական խնդրանք մը ուղղած է Կարդինալին. «Աղօթեցէ՛ք մեզի համար», յիշեցնելով, որ իշխանութեան դիմակի ետին յաճախ պահուած են մարդկային տկարութիւններ եւ ընտանեկան բարդ կացութիւններ։

Սուրբ Ֆրանսիսկոսը եւ Ներողամտութեան արժէքը

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ մշակութային անդրադարձի՝ շնորհիւ Տաւիտէ Ռոնտոնիի ելոյթին, որ յիշեցուց Սուրբ Ֆրանսիսկոս Ասիզացին եւ Կրեչոյի (Greccio) առաջին մսուրը։ Ռոնտոնի շեշտեց հոկտեմբեր 4-ը որպէս ազգային տօն վերահաստատելու կարեւորութիւնը՝ Սուրբին կերպարին մէջ տեսնելով խորհրդարանի միութեան հազուագիւտ եզր մը. « Գաղափարներ չեն ստեղծեր միութիւնը այլ՝ վկայութիւնները»։

Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Adeste Fideles» շարականի երգեցողութեամբ եւ խորհրդանշական նուէրներու փոխանակումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2025, 12:28