Որոնել

 «Գովեալ Ըլլաս» աւանէն լուսանկար «Գովեալ Ըլլաս» աւանէն լուսանկար  (AFP or licensors)

Կանայք՝ Խաղաղութեան պահապաններ. Միջոցառում «Գովեալ Ըլլաս» աւանին մէջ

12 դեկտեմբերին, Ուրբաթ օր, Քասթէլ Կանտոլֆոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կանանց Ուժը. Խաղաղութեան Պահապաններ, Ապագայի Ճարտարապետներ» խորագրով ձեռնարկը։ Նախաձեռնութիւն մը՝ հասկնալու համար կանանց դերը ընկերային արդարութեան, ստեղծագործութեան խնամքի եւ խաղաղութեան խթանման ոլորտներուն մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Դեկտեմբեր 12-ի, Ուրբաթ օր, ժամը 15:30-ին սկիզբ կ՝առնէ «Կանանց Ուժը. Խաղաղութեան Պահապաններ, Ապագայի Ճարտարապետներ» միջոցառումը, որ տեղի կ'ունենայ «Ալլելուիա շարժանկար. Փառատօն. Խաղաղութեան Միջազգային Համաժողով»-ի առաջին հրատարակութեան շրջագիծին մէջ, որ նախատեսուած է Քասթէլ Կանտոլֆոյի մէջ 2025 թուականի Դեկտեմբեր 6-էն 13-ը։

Դեկտեմբեր 12-ի Ուրբաթ օրուան հանդիպումը նուիրուած է խաղաղութեան խթանման, իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ներառական համայնքներու կառուցման մէջ կանանց դերին, որոնք ուշադիր են ընկերային արդարութեան եւ բնապահպանական կայունութեան նկատմամբ։ Այս ձեռնարկին կը մասնակցին շարժապատկերի, մշակոյթի, արուեստի ոլորտի ներկայացուցիչներ, իսկ նախաձեռնութիւնը կը համակարգէ Փասքալ Վիչետոմինի-ն, որ «Ալելլուիա շարժապատկեր Փառատօն» ի հիմնադիրն է ու բեմադրիչ Լիլիանա Քավանի-ն պատուաւոր հիւրն է։

Հանդիպումը պիտի եզրափակէ «Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան վերատեսչութեան ենթաքարտուղար եւ «Գովեալ Ըլլաս Բարձրագոյն Կրթութեան Կեդրոն»ի գլխաւոր տնօրէնը, կարդինալ Ֆապիօ Պաճօ։ Ան պատգամով մը պիտի անդրադառնայ հաշտութեան եւ խաղաղութեան ուղիներուն մէջ հաւաքական պատասխանատուութեանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2025, 11:25