Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Մոզամպիքի մէջ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Մոզամպիքի մէջ  ((foto X - ©TerzaLoggia))

Կարդինալ Փարոլինը մեկնած է Մոզամպիք` Սուրբ Աթոռի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30 ամեակին առիթով

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը 5էն 10 դեկտեմբեր 2025-ին կ՛այցելէ ափրիկեան Երկիր ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Նախագահին ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ ապա պիտի գլխաւորէ Ազգային երիտասարդութեան երրորդ օրուան նուիրուած պատարագը և այցելութիւն պիտի տայ աղքատներուն ու տեղահանուածներուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ` 5 դեկտեմբերին սկիզբ առաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի Մոզամպիք ճամբորդութիւնը, Սուրբ Աթոռի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30 ամեակին առիթով։

Ըստ Պետական Քարտուղարութեան ԻՔՍ ցանցին վրայ հրատարակուած յայտագիրին, Պետական Քարտուղարը, առաջին օրը հանդիպում ունեցաւ Երկրի նախագահ` Տանիել Ֆրանսիսքօ Չափոյին հետ եւ մասնակցեցաւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30 ամեակին նուիրուած տօնախմբութեան։

Այսօր Ան կը հանդիպի Խորհրդարանի նախագահ` Margarida Adamugy Talapa-ի եւ Վարչապետ` Maria Benvinda Levy-ի, ու Արդարութեան, Սահմանադրական և կրօնական հարցերու նախարար` Mateus da Cecilia Feniasse Saize-ին հետ։

Ծիրանաւորը կը հանդիպի նաեւ Մոզամպիքի եպիսկոպոսներուն հետ եւ վաղը Կիրակի 7 դեկտեմբերին կը գլխաւորէ Ազգային երիտասարդութեան երրորդ օրուան նուիրուած եզրափակիչ պատարագը, որմէ ետքը այցելութիւն կու տայ աղքատներով զբաղող Casa Mateus25 կեդրոնին։

Ութը դեկտեմբերին, Անարատ Յղութեան տօնին օրը, Կարդինալ Փարոլինը կ՛ այցելէ Փեմպա Թեմը, ուր հանդիպում կ՛ ունենայ քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու հովուական ծառայութեամբ զբաղող գիրծիչներուն հետ մատուցելով նաեւ պատարագը ապա ինը դեկտեմբերին կը տեսակցի խումբ մը ներգաղթեալներու հետ, ապա կը մասնակցի միջ-կրօնական մէկ ձեռնարկին։

Ճամբորդութեան վերջին օրը` տասը դեկտեմբերին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը կ՛ այցելէ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան եւ Ծիմփեթօ կազմակերպութեան խնամակալութեան տակ գտնուող «DREAM – երազ» կեդրոնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2025, 09:23