Որոնել

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի սուրբ դրան բացումը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի սուրբ դրան բացումը  (ANSA)

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարի սուրբ դրան փակման արարողութիւնը

Շաբաթ, 27 Դեկտեմբերին, Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան պիտի նախագահէ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Մայր տաճարի պատմական Սուրբ Դրան փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Յաջորդ օրը՝ Դեկտեմբեր 28-ին, պիտի փակուի նաեւ Սուրբ Պօղոս պազիլիքայի Սուրբ Դուռը՝ Կարդինալ Ճ. Մ. Հարվիի գլխաւորութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մայր տաճարին՝ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Սուրբ Դրան փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Արարողութիւնը պիտի նախագահէ կարդինալ Պալտօ Ռէյնան՝ Հռոմի թեմի Քահանայապետական փոխանորդը, որուն պիտի յաջորդէ Սուրբ Պատարագը՝ Հռոմի թեմի երգչախումբի մասնակցութեամբ, խմբավարութեամբ գերապայծառ Մարքօ Ֆրիզինայի։

Պատմականօրէն, Լատերանի տաճարի Սուրբ Դուռը առաջինն է Յոբելինական տարիներուն պատմութեան մէջ. Անիկա առաջին անգամ բացուած է 1423 թուականին՝ Մարթինոս Ե Պապին օրով։

Միայն տասնամեակներ ետք է , որ Սուրբ Պետրոսի տաճարի դուռը նոյնպէս դարձաւ Յոբելեանի խորհդանիշ։ Սուրբ Դուռը կը ներկայացնէ Քրիստոսը՝ որպէս «Ճշմարտի դուռ», որուն միջոցաւ հաւատացեալը կ՝ընդունի աստուածային շնորհքը։

Ներկայ պրոնզաձոյլ դուռը քանդակագործ Ֆլորիանօ Պոտինիի գործն է, պատրաստուած 2000 թուականի Յոբելեանի առթիւ։ Անոր վրայ պատկերուած են Տիրամայրը ՝Մանուկին հետ, Խաչեալն Քրիստոսը եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին զինանշանը։

2025-ի «Յոյսի Յոբելեանի» ընթացքին, Հռոմի բազմաթիւ ժողովրդապետութիւններ եւ համայանքներ նախընտրաբար իրենց ուխտանգացութիւնը կատարեցին  այս տաճարին մէջ, որ կը համարուի Հռոմի Մայր տաճարը։

Տաճարին Սուրբ Դրան փակումի արարարողութեան կրնան մասնակցիլ հաւատացեալները՝ նախապէս ձեռք ձգելով անվճար տոմսեր, իսկ անոնք որոնք ներկայ չեն կրնար գտնուիլ, կարելիութիւնը պիտի ունենան հետեւելու ուղիղ հեռարձակումով՝ Հռոմի թեմի Եու Թուպի էջով։

Նշենք, թէ կիրակի 28 դեկտեմբերին, ժամը 10:00-ին, փակումը պիտի կատարուի Սուրբ Պօղոս Պազիլիքային սուրբ դրան՝ Կարդինալ Ճ. Մ. Հարվիի նախագահութեամբ Սուրբ Պատարագով։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2025, 10:09