Որոնել

2025.04.12 pellegrini in cammino verso la Porta Santa

Բանտարկեալներու Յոբելեանը. հաւատքի, խորհրդածութեան և յոյսի երեք օրեր

Կիրակի՝ 14 դեկտեմբերին, Լևոն ԺԴ-ը Պապը կը գլխաւորէ Յոբելենականն պատարագը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ որուն ընթացքին կ՛օգտագործուին Օփերայի. Սան Վիթթորէ եւ Պոլլաթէ բանտերու սուրբ հաղորդութեան արհեստանոցներու մէջ բանտարկեալներու կողմէ պատրաստուած նշխարները «Հացին իմաստը» նախագիծի շրջագիծէն ներս:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12-էն 14 դեկտեմբերին Հռոմի մէջ կը կայանայ «Բանտարկեալներու Յոբելեանը»՝ 2025 թուականի «Յոյսի Յոբելեանի» վերջին մեծ ձեռնարկը։

Անոր պիտի մասնակցին ինիսուն երկիրներէ մօտ 6000 ուխտաւորներ, որոնց շարքին կալանաւորներ, անոնց ընտանեկան պարագաները, բանտի աշխատակիցներ, իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներ և բանտի կամաւորներ:

Յոբելենական ուխտագնացութեան ծրագիրին բացումը նախատեսուած է ուրբաթ՝ 12 դեկտեմբերին, LUMSA համալսարանին մէջ կայանալիք «Յոյսի իրաւունք» թեմային նուիրուած բանախօսութեամբ՝ բանտային համակարգի ստեղծումէն յիսուն տարի ետք: Միևնոյն ժամանակ, Սաքրոֆանոյի Fraterna Domus կեդրոնին մօտ տեղի պիտի ունենան ուսումնասիրութեան և հոգևորականութեան նուիրուած երկու օրեր, որոնց կազմակերպութիւնը հոգացած է Իտալիայի բանտային հոգևորականներու Մատրանապետութիւնը:

Կիրակի՝ 14 դեկտեմբերին, Լևոն ԺԴ Պապը կը գլխաւորէ Յոբելենական սուրբ պատարագը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ որուն ընթացքին կ՛օգտագործուին Օփերայի. Սան Վիթթորէ եւ Պոլլաթէ բանտերու սուրբ հաղորդութեան արհեստանոցներու մէջ բանտարկեալներու կողմէ պատրաստուած նշխարները «Հացին իմաստը» նախագիծի շրջագիծէն ներս:

Ուխտագնացութեան եռօրեայ ձեռնարկը պիտի եզրափակուի Auditorium Conciliazione- լսարանին մէջ «Oltre le grate – Պատնէշներէն անդին» երաժշտական​​կատակերգութեամբ, որուն մուտքն անվճար է։ Խորհրդանշական հրաժեշտ մը  ձեռնարկի մը միջոցաւ , որ նպատակ ունի ձայն և արժանապատուութիւն հաղորդել քրէակատարողական ծառայութիւններու աշխարհին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2025, 14:18