Որոնել

Հռոմի մէջ միջոցառում Հռոմի մէջ միջոցառում 

Արհեստական Բանականութիւնը եւ մեր Ընդհանուր Տան խնամքը. Համաժողով Հռոմի մէջ

Հետազօտութիւն արդիւնաբերութեան, ֆինանսներու, կրթութեան եւ հաղորդակցութեան ոլորտներուն մէջ արհեստական բանականութեան ազդեցութեան Մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2025 թուականի Դեկտեմբեր 5-ին, Հռոմի մէջ, «Մարիա Սանթիսսիմա Պամպինա Հաստատութեան (Istituto Maria Santissima Bambina) մէջ տեղի պիտի ունենայ «Արհեստական Բանականութիւնը եւ Մեր Ընդհանուր Տան Խնամքը»խորագրով համաժողով մը, որ կազմակերպուած է «Centesimus Annus Pro Pontifice» Հիմնադրամին եւ «SACRU – Strategic Alliance of Catholic Research Universities»-ի կողմէ։

Միջոցառումը կը ներկայացնէ վերոյիշեալ հաստատութիւններուն կողմէ համատեղ մշակուած հետազօտութիւնը, որուն համակարգողն է Սուրբ Սիրտ Կաթողիկէ Համալսարանը (Università Cattolica del Sacro Cuore)։ Այս հետազօտութիւնը կը վերլուծէ Արհեստական Բանականութեան ազդեցութիւնը արդիւնաբերութեան, ֆինանսներու, կրթութեան եւ հաղորդակցութեան ոլորտներուն մէջ։

Հետազօտութիւնը, որ սկսած է 2024 թուականին՝ Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրով, կը հաւաքէ միջազգային եւ բազմաճիւղ ներդրումներ եւ կը նպատակադրէ բացայայտել Արհեստական Բանականութեան անվերահսկելի զարգացման հետ կապուած ռիսքերը, անհաւասարութիւնները եւ աղաւաղումները, առաջարկելով լուծումներ պատասխանատու նորարարութեան համար, որպէսզի ծառայէ ընդհանուր բարիքին, պահպանելով մարդկային արժանապատուութիւնը։

Միջոցառման ընթացքին տեղի պիտի ունենայ երկու նիստ. Առաջինը կը ներկայացնէ հետազօտութեան արդիւնքները։ Երկրորդը կ'ուսումնասիրէ Արհեստական Բանականութեան գործածութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ, մասնագէտներու եւ միջազգային հաստատութիւններու ու ձեռնարկութիւններու ներկայացուցիչներու ելոյթներով։

Հիւրերուն մէջ է նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինե, որ ողջոյնի պատգամ մը պիտի յղէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2025, 10:50