Հայր Փազոլինի. Քրիստոսի լոյսը եւ ճշմարտութեան ուղին. Մոգերու օրինակը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 19 դեկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Քահանայապետական Տան քարոզիչ, հայր Ռոպէրթօ Փազոլինին ներկայացուց Գալստեան շրջանի երրորդ խորհրդածութիւնը, «Փրկութեան տիեզերականութիւնը», բնաբանով։
Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն մասնակցութեամբ Քահանայապետական Տան քարոզիչը իր ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Քրիստոսի՝ «ճշմարիտ լոյսին» վրայ, որ «կարող է լուսաւորել, յստակեցնել եւ առաջնորդել մարդկային փորձառութեան ամբողջ բարդութիւնը. Լոյս մը, զոր աշխարհը չ՝ընդունեց, որովհետեւ «մարդիկ աւելի սիրեցին խաւարը»։
Հայր Փազոլինի պարզաբանեց լոյսը ընդունիլը «մեր տրամադրելիութիւնն» է, որ «անհրաժեշտ է ու գեղեցիկ, բայց նաեւ՝ պահանջկոտ. ան կը քօղազերծէ կեղծիքները, ի յայտ կը բերէ հակասութիւնները, կը ստիպէ ընդունիլ այն՝ ինչ որ պիտի նախընտրէինք չտեսնել», եւ այդ իսկ պատճառով «մենք կը խուսափինք անկէ»։
Քահանայապետական Տան Քարոզիչը իր խորհրդածութեան մէջ մատնանշեց, որ Աստուծոյ հանդիպելու համար «առաջին քայլը միշտ ոտքի ելլելն է. դուրս գալ սեփական ներքին թաքստոցներէն, ապահովութիւններէն ու իրերու մասին ունեցած հաստատուն տեսողութենէն», ու «ոտքի ելլելը քաջութիւն կը պահանջէ։ Անիկա կը նշանակէ լքել նստակեաց կեանքը, որ մեզ կը պաշտպանէ, բայց նաեւ՝ կ'անշարժացնէ, ընդունիլ ճամբորդութեան յոգնութիւնը եւ յանձն առնել դեռեւս անյայտ եղողին անորոշութիւնը»։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ըրին Մոգերը, որոնք լքեցին իրենց առաջնորդուելով միայն նուրբ ու պարզ նշանով մը», առանց գիտնալու թէ ի՛նչ պիտի գտնէին, բայց վստահելով իրենցմէ կանխող լոյսին։ Ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ յուսալ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ