Որոնել

2025.12.12 Predica di Avvento

Սրբազան Պապը մասնակցեցաւ Գալստեան շրջանի մտածականներու երկրորդ նիստին

Հայր Փազոլինիի այս տարուայ մտածականներու նիւթն է «Տիրոջ տան վերակառուցում։ Եկեղեցի առանց ընդդիմութեան» նիւթը եւ այսօր ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ ի միջի այլոց հաստատեց` թէ «Հաւատքի միութիւնը միատարրութիւն չէ. իսկական հաղորդակցութիւնը չի վախնար բախումէն, քանի որ տարբերութիւնը գոյութեան քերականութիւնն է»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ` 12 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը առաւօտեան կանուխ Պօղոս Զ անուան դահլիճի փոքր սրահին մէջ ընդունելէ ետքը Ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ եւ Մարսէյ քաղաքի Թեմի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Ժան Մարք Ավելինը, Համահաւաք դասի փոխ նախագահներուն եւ քարտուղարին հետ միասին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ մասնակցեցաւ Սուրբ Ծննդեան ի պատրաստութիւն «Գալստեան շրջանի» մտածականներու երկրորդ նիստին, զոր գլխաւորեց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի, ի ներկայութեամբ Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի վերին իշխանութեան պատասխանատուներուն։

Հայր Փազոլինիի այս տարուայ մտածականներու նիւթն է «Տիրոջ տան վերակառուցումը։ Եկեղեցի առանց ընդդիմութեան» նիւթը եւ այսօր ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ ի միջի այլոց հաստատեց` թէ «Հաւատքի միութիւնը միատարրութիւն չէ. իսկական հաղորդակցութիւնը չի վախնար բախումէն, քանի որ տարբերութիւնը գոյութեան քերականութիւնն է»։

Ան կոչ ուղղեց եկեղեցական միութեան անհրաժեշտութեան ի սպաս, իր խորհրդածութիւնը զարգացնելով երեք աստուածաշնչական պատկերներու միջոցաւ՝ Բաբելոնի աշտարակը, Հոգեգալուստը և Երուսաղեմի տաճարի վերակառուցումը։

Բաբելոնի իրադարձութիւնը կը բացայայտէ միատարրութեան վրայ հիմնուած միութիւն ստեղծելու գայթակղութիւնը, տրամաբանութիւն, որ կը կրկնուի քսաներորդ դարու «ամբողջատիրութեան» և այսօր ընկերային ցանցերու և արհեստական ​​բանականութեան մէջ, ուր ալկորիթմներն ու «տեղեկատուական փուչիկները» կը խեղդեն անհամաձայնութիւնը: Ի տարբերութիւն ասոր, Հոգեգալուստը ցոյց կու տայ միասնութիւն մը, որ չի վերացներ տարբերութիւնները, այլ զանոնք կը վերածէ հարստութեան, բացատրեց Քարոզիչ Քափուչին վանականը:

Խորհրդածելով հուսկ Երուսաղեմի տաճարի մասին Ան յիշեցուց, որ Եկեղեցւոյ նորոգումը շարունակական է և կը պահանջէ փոխադարձ լսողութիւն, բազմազանութեան ընդունում և մերժում` ըլլայ կոշտ պահպանողականութեան, ըլլայ անկաշկանդ նորարարութեան:

Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովի հետքերէն մեկնելով Հայ Փազոլինին հրաւիրեց վերադառնալ Աւետարանի սրտին և Եկեղեցին զգալ ոչ թէ որպէս մարդկային կառոյց, այլ որպէս պարգև` որ պէտք է պահպանուի ամենօրեայ հաւատարմութեամբ։

Քահանայապետին այլ հանդիպումները

Վերոնշեալ Գալստեան շրջանի մտածականներու նիստին մասնակցելէն ետքը Լեւոն ԺԴ. Պապը փոխադրուեցաւ Առաքելական Պալատ ուր ընդունեց երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին երբեմնի քարտուղար եւ այժմ Լիթուայի, Էսթոնիայի եւ Լաթուիայի մօտ առաքելական նուիրակ Գերապ. Կէորկ Կէյնզուէյնը, որմէ ետքը յաջորդաբար ընդունեց Չիլէի Քոփիափօ թեմի եպիսկոպոս Գերապ. Ռիքարտօ Մորալէս Կալինտոն եւ Յիսուսեան Հայր Հանս Զոլները։ Ան ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական հանրապետութեան անվտանգութեան եւ հետախուզութեան համակարգի հազարէ աւելի անդամներուն։

Կէսօրէն ետքը Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ կը նախագահ Կուատալուփի Տիրամօր տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը, որ կը զուգադիպի իր եպիսկոպոսական օծման տարեդարձին` 12 դեկտեմբեր 2014-ին եւ պատարագէն ետքը Ան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ պիտի մասնակցի Սուրբ Ծննդեան համերգին զոր պիտի ղեկավարէ աշխարհահռչակ Մայեսթրօ Ռիքքարտօ Մութին որուն Նորին Սրբութիւնը պիտի յանձնէ 2025-ի Ռացինկեր մրցանակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2025, 10:48