Որոնել

Երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին քարոզները պարունակող գիրքը Երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին քարոզները պարունակող գիրքը 

«Աստուած ճշմարիտ իրականութիւնն է» Պենետիկտոս ԺԶ Պապին անտիպ գիրքի ներկայացումը

Գիրքին մէջ պարունակուած են Պենետիկտոս ԺԶ Պապին 2005 – 2017 անտիպ քարոզները։ Գիրքը հրատարակուած է Վատիկանի հրատարակչատան կողմէ ու կազմուած է 448 էջերէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 11 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 5,30-ին Վատիկանի մօտակայքը գտնուող Պիոս Ժ. դահլիճին մէջ պիտի ներկայացուի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին «Աստուած ճշմարիտ իրականութիւնն է» վերտառութեամբ անտիպ գիրքը որուն մէջ պարունակուած են Անոր 2005 – 2017 անտիպ քարոզները։ Գիրքը հրատարակուած է Վատիկանի հրատարակչատան կողմէ ու կազմուած է 448 էջերէ։

Ներկայացումին առիթով բարի գալուստի խօսք պիտի արտասանեն Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ Հիմնարկի նախագահ` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին եւ Վատիկանի հրատարակչատան խմբագրական պատասխանատու տիար Լորեցնօ Ֆացցինին։ Ապա ելոյթ պիտի ունենան Լիթուանիայի, Էսթոնիայի եւ Լաթուիայի մօտ առաքելական նուիրակ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին երբեմնի քարտուղար` Գերապ. Կէորկ Կէյնզուէյնը եւ Հայր Ֆապիօ Ռոզինին, Սուրբ Խաչ Քահանայապետական  ​​Համալսարանի քարոզագիտութեան փրոֆեսոր։ Հանդիպումը կը վարէ «L'Osservatore Romano»-ի լրագրող Սիլվիա Կուիտին։

Գիրքը համադրուած է Ռիքքարտօ Պոլլաթիի, Լուքա Քարուզոյի եւ Հայր Ֆետերիքօ Լոմապրտիի կողմէ եւ գրատուներու մէջ պիտի վաճառուի այսօրուընէ սկսեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2025, 10:00