Որոնել

Սուրբ Պետրոս հրապարակի տօնածառը Սուրբ Պետրոս հրապարակի տօնածառը  (ANSA)

Սուրբ Պետրոսի հրապարակի մսուրին ու տօնածառին բացման եւ լուսաւորութեան արարողութիւնը 15 դեկտեմբերին

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող Ծննդեան մասուրն ու տօնածառը ցուցադրուած կը մնան մինչև Սուրբ Ծննդեան շրջանի աւարտը, որ կը զուգադիպի Տիրոջ Սուրբ Մկրտութեան տօնին` Կիրակի, 11 Յունուար 2026-ին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Երկուշաբթի 15 դեկտեմբեր 2025-ի կէսօրէն ետքը ժամը  5-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կը կատարուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած աւանդական տօնածառին ու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը խորհրդանշող հսկայական մսուրին, որոնք այս տարի նուէրն  Bolzano-Bressanone եւ Nocera Inferiore-Sarno նահանգներուն։ 

Մսուրին բացման ու տօնածառին լուսաւորման արարողութիւնը կը գլխաւորէ Քոյր Ռաֆֆայելլա Փեթրինին  Վատիկան Քաղաք-Պետութեան կառավարութեան նախագահը  մասնակցութեամբ վերոնշեալ երկու նահանգներէն ժամանած պաշտօնական պատուիրակութիւններուն ու Թեմերու եպիսկոպոսներուն, որոնք նոյն օրը առաւօտեան առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին հետ։ 

«Nacimiento Gaudium» մսուրին բացումը ի պաշտպանութիւն կեանքին

15 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախատեսուած է «Nacimiento Gaudium» մսուրին բացումը, որ գործն է Քոսթա Ռիքայի արուեստագէտ` Փաուլա Սայենց Սոթոյի, որ իր այս ստեղծագործութեամբ ուզեց ոչ միայն ընդգծել Սուրբ Ծննդեան խաղաղութեան պատգամը, այլ աշխարհին ուղղել կոչ մը` որպէսզի միշտ ալ պաշտպանուի կեանքը իր յղացումի առջին վայրկեանէն։ 

Արդարեւ «Nacimiento Gaudium» - Ծննդեան տեսարանը կը պատկերացնէ յղի Կոյս Մարիամին տիպարը և 28,000 գունաւոր ժապաւէններու հաւաքածոյ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը խորհրդանշէ վիժումէն փրկուած կեանք, աղօթքի և կաթողիկէ կազմակերպութիւններու կողմէ դժուարութիւններու մէջ գտնուող բազմաթիւ մայրերուն ցուցաբերուած աջակցութեան շնորհիւ։ Յիսուսի մսուրին մէջ պիտի տեղադրուին նաև  Ազգային մանկական Սան Խօսէ հիւանդանոցի փոքրիկ հիւանդներու կողմէ գրուած աղօթքներով ու մաղթանքներով 400 ժապաւէններ։

Սուրբ Պետրոս հրապարակի մսուրը

Մինչ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կառուցուած հսկայական մսուրը նուէրն է «Nocera Inferiore-Sarno» նահանգին։ Հինգ մեթր երկարութեամբ  երեք մեթր բարձութեամբ եւ երկու ու կէս մեթր խորութեամբ կառուցուած մսուրին մէջ պիտի տեղադրուին Աստուածածնայ երկու արձաններ` առաջինը «գալստեան շրջանի» ժամանակ, ուր Տիրամայրը ներկայացուած է յղի, ի նշան սպասումի եւ յոյսի, ապա Ծննդեան գիշերը անիկայ պիտի փոխարինուի այլ մէկ արձանով, որ Սուրբ Կոյսը կը ներկայացնէ ծնկաչոք նորածին Մանուկի կողքին։ .

Տօնածառը

Գալով տօնածառին անիկայ`  25 մեթր բարձրութեամբ եղեւնի մըն է եւ նուէրն է  Bolzano-Bressanone նահանգին ու յատկապէս «Lagundo» եւ«Ultimo» համայնքներուն: Հրապարակի համար ընտրուած եղևնիէն բացի, Վատիկան բերուած են նաեւ 40 փոքր ծառեր՝ որոնք կը յատկացուին Սուրբ Աթոռի գրասենեակներուն ու հասարակական վայրերուն եւ շէնքերուն։ 

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող Ծննդեան մասուրն ու տօնածառը  ցուցադրուած պիտի մնան մինչև Սուրբ Ծննդեան շրջանի աւարտը, որ  կը զուգադիպի Տիրոջ Սուրբ Մկրտութեան տօնին` Կիրակի, 11 Յունուար 2026-ին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2025, 14:09