Գերապ. Փենիա Փառա Վատիկանի աշխատակիցներուն` ծառայութիւնը ապրիլ ուրախութեամբ եւ պտղաբերութեամբ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 19 դեկտեմբերի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան պատրաստութեան սուրբ պատարագ նուիրուած Վատիկանի աշխատակիցներուն զոր գլխաւորեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան Տեղակալ Գերապ. Էտկար Փենիա Փառայ մասնակցութեամբ Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի վերատեսչութիւններու եւ կառոյցներու աշխատաւորներուն։
Սուրբ Զոհի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ պատարագիչ Արքեպիսկոպոսը նշեց թէ Սուրբ Ծնունդը, լոյսի և խաղաղութեան տօն է, որ կոչ կ՛ուղղէ մարդուն վերածնիլ և ապրիլ յաւիտենական կեանքով։ Ան հրաւիրեց ներկաները իրենց ծառայութիւնները մատուցելու ուրախութեամբ եւ ներքին խաղաղութեամբ, նոյնիսկ դժուարութիւններուն մէջ։
Համեմատելով Յովհաննէս Մկրտիչի և Յիսուսի աւետումը՝ Գերապայծառ Փենիա Փարան նշեց, որ Սուրբ Ծնունդը կը յատկանշէ մտածողութեան արմատական փոփոխութիւն։
«Այժմ ամէն վայր սրբագործուած է, որովհետև Աստուած կը բնակի մարդուն մէջ» նկատել տուաւ Ան ակնարկելով նաեւ Զաքարիայի և Եղիսաբեթի պատմութեան որ ցոյց կու տայ` թէ »Աստուած կը միջամտէ պատմութեան մէջ՝ զայն դարձնելով պտղաբեր»։
«Պտղաբերութիւնը միշտ չէ, որ ֆիզիկական ծնունդ է, այլ նաև յոյսի ծնունդ» հաստատեց ի միջի այլոց Պետական Քարտուղարութեան տեղակալը աւելցնելով որ «Զաքարիայի թոյլ հաւատքը կը հակադրուի Մարիամի և Յովսէփի ամուր հաւատքին։
Քրիստոնեաները Աստուծմէ խնդրելու են այդպիսի հաւատք մը։ Կեանքին մէջ պատահականութիւններ չկան, ամէն ինչ ուղղուած է բարիին։ Դժուարութիւնները կարող են դառնալ հոգևոր աճի առիթ։ Սուրբ Ծնունդին մօտենալով՝ հաւատացեալները պէտք է պատրաստ ըլլան Աստուծոյ այցին եւ Վատիկանի մէջ ծառայութիւնը պէտք է ապրիլ ուրախութեամբ՝ նոյնիսկ յոգնութեան և խնդիրներու մէջ։ Եղան Գերապ. Փենիա Փառայի ներկայացուցած յորդորներէն մի քանիները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ