Որոնել

Il Papa in basilica per la 30esima Giornata mondiale della vita consacrata

Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի 400-ամեակի Յոբելեան՝ Մարդկութեան ողջագուրում

Սուրբ Աթոռը ներկայացուց լայնածաւալ ծրագիր մը՝ նուիրուած Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի ի օծման 400-ամեակին (1626-2026), որ կը միաւորէ հոգեւորութիւն, մշակոյթ եւ տրհեստագիական նորարարութիւն։ Տօնակատարութիւնները պիտի աւարտին 18 Նոյեմբեր 2026-ին՝ Սուրբ Պատարագով, զոր պիտի նախագահէ Լեւոն ԺԴ. Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

2026 թուականի նոյեմբերի 18-ին կը նշուի Տիեզերական Եկեղեցւոյ խորհրդանիշ և քրիստոնէութեան սիրտ` Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի չորրորդ հարիւրամեակը։

Ան կառուցուած է Պետրոս առաքեալի գերեզմանին վրայ՝ որպէս համընդհանուր հիւրընկալող վայր։ Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին՝ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աւագերէցը՝ երէկ ներկայացումը կատարեց այս չորրորդ դարադարձին առիթով նախատեսուած տարբեր ձեռնակներուն։

Յիշողութիւն և ապագայ

Ան ընդգծեց, որ 400-ամեակի յոբելեանը ոչ միայն Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի պատմութեան նշումն է, այլ նաև ապագայի հայեացք։ Միջոցառումը միտուած է քրիստոնէական աւանդոյթի յիշողութիւնն ու արդիականութիւնը համադրելու՝ ներառելով նոր արւեստի գործեր և ծառայութիւններ, դիմաւորելու համար տարիներ շարունակ այդ վայր ժամանող հազարաւոր ուխտաւորները։

Առիթ «նորոգելու» Սուրբ Պետրոսի հաւատքի դաւանութիւնը

Պազիլիքան ոչ միայն յուշարձան է, այլ «սիրոյ և գեղեցկութեան աշխատանոց», որ ունի քրիստոնէական պատգամը տեսանելի դարձնելու առաքելութիւն՝ շարունակելով Պետրոսի գործը՝ անոր ժառանգորդ՝ Քահանայապետերու միջոցաւ։

Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին բացատրեց, թէ այս տարեդարձը առիթ մըն է «նորոգելու» Սուրբ Պետրոսի հաւատքի դաւանութիւնը՝ պահպանելով առաջին Պապին յիշատակը եւ վերարժեւորելով անոր պատգամը ներկայ ժամանակներուն մէջ։

Ձեռնարկները

Հոգեւոր ձեռնարկներուն մէջ կը գտնուին՝ զուիցերացի արուեստագէտ Manuel Dürr-ի պատրաստած նոր Խաչի Ճանապարհի բացումը, շաբաթական հոգեւոր խորհրդածութիւններ, հովուական դասախօսութիւններ եւ «narrationes Petri»-ներ՝ առաջնորդութեամբ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինիին` Քահանայապետական Տան քարոզիչը։ Կը նախատեսուին նաեւ թատերական ներկայացումներ, ինչպէս Պետրոսի եւ Պօղոսի մասին բեմադրութիւնը՝ Michele La Ginestra-ի մասնակցութեամբ, հուսկ ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած տաճարի նախագծումին՝ սկսեալ Donato Bramante-էն մինչեւ աւարտը՝ Carlo Maderno-ի ձեռքով։

Թարգմանութիւններ 60 լեզուներով

Արհեստագիտութիւնը եւս լայն տեղ ունի. բջիջային յաւելուած մը, մշակուած Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան եւ Translated ընկերութեան համագործակցութեամբ, պիտի առաջարկէ պատարագներու, երգերու եւ ընթերցումներու համաժամանակեայ թարգմանութիւններ 60 լեզուներով։ Կը ներմուծուի նաեւ «Smart Pass»ի համակարգը՝ այցելուներու հոսքը կարգաւորելու համար։

Տեսանելիէն անդին 

«Oltre il visibile» ծրագրին շնորհիւ, որ նուիրուած է Eni ընկերութեան կողմէ, ստեղծուած է Տաճարի ամբողջական թուային մէկ նմուշը։ 18 ամիս տեւած աշխատանքէ եւ 4.500 ժամ տուեալներու հաւաքագրումէ ետք՝ 80 հազար քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ, այժմ կարելի պիտի ըլլայ իրական ժամանակով հետեւիլ կառոյցի շարժումներուն եւ կանխարգիլել հնարաւոր խնդիրներ՝ ապահովելով յուշարձանի աւելի լաւ պահպանումը։

Այսպիսով, տօնակատարութիւնները կը ներկայանան որպէս կամուրջ անցեալի եւ ապագայի միջեւ՝ մէկ կողմէ աղօթք եւ արուեստ, միւս կողմէ թուային նորարարութիւն եւ կայունութիւն, պահպանելու եւ արժեւորելու համար քրիստոնէութեան ամենանշանակալի վայրերէն մէկը։

Սուրբ Պետրոսի տաճարի չորրորդ հարիւրամեակը միայն տօն չէ, այլ կոչ է այսօր եւս ապրելու քրիստոնէական արժէքներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2026, 08:00